ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՄԷՋ ԾԱԳԱԾ ՄԵԾ ՀՐԴԵՀՆԵՐԸ Կ՚ԱԶԴԵՆ ՆԱԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅՈՑ ՎՐԱՅ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Գալիֆորնիա նահանգէն ներս ծագած մեծ հրդեհները այս շրջանին վերածուած են աղմկայարոյց իրադարձութեան՝ միջազգային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալով։ Լոս Անճելըսն ու շրջակայքը անմիջականօրէն կ՚ազդուին այս մեծ հրդեհներէն, որոնք զսպել տակաւին չեն յաջողած ամերիկեան պատկան մարմինները՝ մանաւանդ, որ կլիմայական պայմաններն ալ շատ անբարենպաստ են։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի սփիւռքի գծով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան տեղեկացուց, որ հրդեհին հետեւանքով հրոյ ճարակ դարձած է Սահակ-Մեսրոպ հայկական վարժարանի շէնքը։ Կրթօճախի ամբողջութեամբ այրած ըլլալու լուրը մեծ ցաւ յառաջացուցած է բոլոր հարթութիւններու վրայ։

Ամերիկահայ զանազան աղբիւրներու հաղորդումներուն հիման վրայ՝ նոյն գործակալութիւնը տեղեկացուց նաեւ, որ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ իրենց բնակարաններէն տարհանուած են հրդեհներու հետեւանքով։ Միեւնոյն ժամանակ, բազմաթիւ այլ հայ ընտանիքներ ալ այս պահու դրութեամբ սպասողական վիճակի մէջ են՝ քանի ամէն պահ կրնայ հրահանգ հասնիլ, որպէսզի իրենց բնակարանները փութով դատարկեն։

Հինգշաբթի, Յունուար 9, 2025