ԷՐՏՈՂԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ՝ ՊԱՔՈՒԷՆ ՀՆՉԱԾ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները շօշափեցին Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի հարցերը։ Ըստ Էրտողանի՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը շարունակեն ամրապնդել իրենց համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով՝ մէկ ազգ, երկու պետութիւն կարգախօսով։ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա կը խրախուսէ Հարաւային Կովկասէ ներս մշտական խաղաղութեան հաստատումը եւ միշտ պիտի շարունակէ Ատրպէյճանի կողքին դիրք գրաւել։
Էրտողանի հետ հեռախօսազրոյցի նախորդած փուլին, Ալիեւ տարեմուտի դրութեամբ հանդէս եկաւ հերթական ծայրայեղ յայտարարութիւններով, որոնք սպառնալիքներ կը բովանդակէին Հայաստանի դէմ։ Ան թէեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպման այս ամսուան մէջ նախատեսուած ըլլալը տեղեկացուց, սակայն, միեւնոյն ժամանակ յայտնեց, որ Զանգեզուրի միջանցքը պէտք է բացուի ու պիտի բացուի։ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն մէջ, կրկին տեղ գտան Պաքուի յամառ պահանջները Երեւանէն։ Ալիեւ յայտարարութիւններուն մէջ գործնականօրէն պահանջեց Հայաստանի զինաթափումը։ «Հայաստան առաքուած զէնքերը պէտք է վերադարձուին։ Սա մեր պայմանն է», ըսաւ Ալիեւ։
Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Արմէնփրէս» գործակալութեան հարցազրոյց մը տալով արձագանգեց Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն։ Վարչապետը համոզուած է, թէ Ալիեւ կը ջանայ տարածաշրջանէ ներս նոր մագլցումները օրինականացնել։
ԹԵՀՐԱՆԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, Իրանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Էքպէր Ահմատիան այս օրերուն ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Ատրպէյճան եւ Հայաստան։ Ան երէկ Պաքուի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ահմատիան զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Իրան ուրախ է, թէ Ատրպէյճան բռնագրաւումէ կարողացած է ազատել իր տարածքները։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Հիւսիս-Հարաւ փոխադրութեան միջանցքի զարգացման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ եռակողմանի համագործակցութեան ձեւաչափը։
Պաքուի շփումները աւարտելէ վերջ Ալի Էքպէր Ահմատիան արդէն անցաւ Երեւան, ուր այսօր շփումներ կ՚ունենայ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։