ԱՄՆ-Ի ՀՐԵԱՅ ՀԱՄԱՆՔԻ ԱԶԴՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հրեայ համայնքի ամենաազդու կազմակերպութիւններուն կողմէ խումբ մը ղեկավարներ այսօր շփումներ կ՚ունենան մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Տեղական մամուլը ուշագրաւ կը համարէ այս պատուիրակութեան շփումները։ «Մավի Մարմարա» նաւուն վերաբերեալ ապրուած ճգնաժամէն վերջ ներկայիս բնականոնացման որոնումներ կ՚ապրուին Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն շրջագծով։ «NTV»ի հաղորդումներով, նոյն ծիրին մաս կը կազմեն այսօրուան շփումները։
Ամերիկեան Մեծագոյն հրէական կազմակերպութիւններու նախագահներու խորհուրդին կողմէ Անգարա փութացած պատուիրակութիւնը կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Յիշեալ խորհուրդի գործադիր փոխ-նախագահ Մալքոլմ Հէօնլէյնի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը յետմիջօրէին Չանքայայի ապարանքին մէջ կը տեսակցի Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ։ Խումբը աւելի վերջ պիտի ուղեւորուի Պէշթէփէ, ուր պիտի տեսակցի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։ Նախագահական պալատի երդիքին տակ Էրտողան պիտի զրուցէ Հէօնլէյնի եւ ընկերակիցներուն հետ։
Այս շփումներուն նպատակն է քայլ մը առնել Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի դիւրացման ուղղութեամբ։