Կիրակի 16, Մարտ 2025
Արթուր Աբրահամ՝ Գերմանիոյ Տարուան Լաւագոյն Կռփամարտիկը
Հայազգի արհեստավարժ կռփամարտիկ, երկրորդ միջին կարգի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ դարձեալ ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ տարուան լաւագոյն կռփամարտիկը, յայտնեց Աբրահամի մամլոյ քարտուղարը՝ Սիրան Գրիգորեան:
Գերմանական «Պոքսսփորթ» ամսագիրին կողմէ կատարուած քուէարկութեան ընթացքին Աբրահամ ապահովեց առաւելագոյն թիւով ձայները: Հայազգի կռփամարտիկը 7-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:
Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016