ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ՝ Շուէ­տի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մար­կոթ Վալշթ­րէօմ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հիւր նա­խա­րա­րը ժա­մա­նեց Զուարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նը, իսկ այս ա­ռա­ւօտ սկսաւ այ­ցե­լու­թեան ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց իր շուէ­տա­ցի պաշ­տօ­նա­կի­ցը։ Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը վա­րե­ցին բա­նակ­ցու­թիւն­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը, Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քը, մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ հար­ցե­րը եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րը։ Նալ­պան­տեան եւ Վալշթ­րէօմ սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ստո­րագ­րե­ցին փաս­տա­թուղ­թեր։ Նալ­պան­տեան աշ­խա­տան­քա­յին ճաշ մըն ալ սար­քեց ի պա­տիւ իր պաշ­տօ­նակ­ցին:

Միւս կողմէ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ մէկ­տե­ղուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ Աշ­խա­տան­քա­յին ճա­շի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Եւ­րո­միու­թեան պա­տուի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար դես­պան Փիո­թր Ս­վի­թալս­քի։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, նա­խորդ ա­միս Պրիւք­սէ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տի ար­դիւնք­նե­րուն, կող­մե­րու մի­ջեւ նա­խա­տե­սուած նոր շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նագ­րին շուրջ մեկ­նար­կած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։

Միւս կող­մէ, Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նէն խումբ մը պատ­գա­մա­ւոր­ներ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցան Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Այս­պէս, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի Եւ­րո­պա­կան պահ­պա­նո­ղա­կան­նե­րու եւ բա­րե­փո­խիչ­նե­րու խում­բի նա­խա­գահ Եան Զահ­րա­տիլ եւ իր ըն­կեր­նե­րը օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի հետ։ Այս առ­թիւ Սերժ Սարգ­սեան անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի ներ­քին ու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, իր տե­սա­կէտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցուց մի­ջազ­գա­յին ար­դի խնդիր­նե­րուն եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ Ան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ։ Ըստ Սարգ­սեա­նի, Հա­յաս­տան կ՚ակն­կա­լէ, որ ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին Պրիւք­սէ­լի մէջ սկսած Հա­յաս­տան-ԵՄ նոր հա­մա­պար­փակ ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թի շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կ՚ըն­թա­նան բնա­կա­նոն հու­նով ու կող­մե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ կ՚ա­ւար­տեն այդ կա­րե­ւոր գոր­ծըն­թա­ցը։

Իր կար­գին, Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին հիւ­րե­րը յայտ­նե­ցին, որ դէմ են Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին վե­րա­բե­րեալ միա­կող­մա­նի բա­նա­ձե­ւե­րուն՝ ակ­նար­կե­լով Եւ­րո­խո­րուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։  

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016