ՃԳՆԱԺԱՄԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին եւ Ղա­զա­խիս­տա­նի Նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յեւ ե­րէկ ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Ան­գա­րա-Մոս­կուա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վատ­թա­րա­ցու­մը։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին այս հար­ցին շուրջ, մինչ Փու­թին կրկնեց, թէ բար­դու­թիւն­նե­րը յա­ռա­ջա­ցած են Թուր­քիոյ կող­մէ, հե­տե­ւա­բար յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կը վի­ճա­կի թրքա­կան կող­մին։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Աս­տա­նա­յի մէջ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ Նա­զար­պա­յեւ նշած էր, թէ Ղա­զա­խիս­տա­նի տե­սան­կիւ­նէն մեծ խնդիր մը դար­ձած է Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու առ­կայ ճգնա­ժա­մը։ Ան ընդգ­ծած էր ստեղ­ծուած ի­րադ­րու­թե­նէն դուրս գա­լու նպա­տա­կով ու­ղի­ներ գտնե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016