ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ան իր այ­ցե­լու­թեան ծրագ­րին ձեռ­նար­կեց այ­ցե­լե­լով Ա­թա­թիւր­քի յու­շա­դամ­բա­նը։ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով դի­մա­ւո­րեց իր գեր­մա­նա­ցի պաշ­տօ­նա­կի­ցը։ Եր­կու վար­չա­պետ­նե­րը ա­ւե­լի վերջ ու­նե­ցան զրոյց մը, ո­րու ա­ւար­տին սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Սա վեր­ջին չորս ամ­սուան ըն­թաց­քին Տա­վու­տօղ­լուի եւ Մեր­քէ­լի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած եօ­թնե­րորդ հան­դի­պումն էր։ Չան­քա­յա­յէն վերջ Մեր­քէլ ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ Պէշ­թէ­փէ։ Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի եր­դի­քին տակ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ ըն­դու­նուե­ցաւ գեր­մա­նա­ցի վար­չա­պե­տը։

Ըստ Ան­գա­րա­յէ հա­սած լու­րե­րուն, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ի­րադ­րու­թիւնն ու գաղ­թա­կա­նաց ճգնա­ժա­մը։ Ծա­նօթ է, որ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով Թուր­քիա ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կ՚ըն­դու­նի գաղ­թա­կա­նաց ա­լիք մը եւ այս հար­ցը ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի տե­սան­կիւ­նէն դար­ձած է հրա­տապ։ Մեր­քէ­լի շփում­նե­րը եւ այդ շար­ժա­ռի­թով կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ան­գամ մը եւս ե­րե­ւան բե­րին այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ Թուր­քիա եւ Գեր­մա­նիա կը ձգտին լիա­կա­տար փո­խըմբռ­նու­մով պայ­քա­րիլ գաղ­թա­կան­նե­րու տագ­նա­պի պա­րա­գա­յին։ Ա­նոնք այս նիւ­թին շուրջ ու­նին միաս­նա­կան մօ­տե­ցում­ներ։ Վեր­ջին օ­րե­րուն կ՚ընդգ­ծուի, թէ Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ Թուր­քիոյ հա­մար նա­խա­տե­սուած 3 մի­լիառ եւ­րօ ար­ժո­ղու­թեամբ օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը ար­դէն պատ­րաստ է։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Ան­գա­րա­յի եւ Պեր­լի­նի մի­ջեւ ե­րէկ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ տա­սը կէ­տե­րու շուրջ, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին թէ՛ գաղ­թա­կա­նաց պայ­քա­րին եւ թէ ընդ­հան­րա­պէս Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի կա­ցու­թեան։

Թուր­քիոյ եւ Գեր­մա­նիոյ մի­ջեւ ե­րէկ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ կա­տա­րուե­ցան զա­նա­զան յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ եւ այս ամ­բող­ջին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս ու­շագ­րաւ կը հա­մա­րուի Ե­գէա­կա­նէ ներս ազ­դու նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­ներ ձեռք առ­նե­լու հա­մար ՆԱ­ԹՕ-ի դի­տարկ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու օգ­տա­գործ­ման ո­րո­շու­մը։ Ար­դա­րեւ, այս Հինգ­շաբ­թի Պրիւք­սէ­լի մէջ նա­խա­տե­սուած է ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը, ո­րուն ըն­դա­ռաջ յայ­տա­րա­րուե­ցաւ վե­րո­յի­շեալ ո­րո­շու­մը։

Մեր­քէ­լի Ան­գա­րա­յի շփում­նե­րուն շար­ժա­ռի­թով թրքա­կան կող­մը հեր­թա­կան ան­գամ ա­հա­զանգ հնչե­ցուց նաեւ Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ կա­տա­րուած ռմբա­կո­ծում­նե­րուն դէմ։ Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լու ընդգ­ծեց, որ Ռու­սաս­տան յար­ձա­կում­ներ կը գոր­ծէ քա­ղա­քա­յին ժո­ղո­վուր­դին վրայ եւ ոե­ւէ մէ­կը չի կրնար այդ օ­դա­յին ռմբա­կո­ծում­նե­րը ար­դա­րաց­նել՝ մտա­ծե­լով, որ Թուր­քիա յա­մե­նայն­դէպս կը հիւ­րըն­կա­լէ սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ վար­չա­պե­տը շեշ­տեց, թէ ոե­ւէ մէ­կը չի կրնար ակն­կա­լել, որ Թուր­քիա ա­ռան­ձինն դի­մագ­րա­ւէ գաղ­թա­կա­նաց խնդի­րը։  

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016