Երեքշաբթի 14, Յունուար 2025
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԳԵՂՐԱՐՈՒԵՍՏ
Երեւանի մէջ այս առաւօտ բացուեցաւ «Միջին Արեւելքի գեղարուեստ» խորագրեալ մեծ ցուցահանդէս մը։ Պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան։ Ձեռնարկը տեղի կ՚ունենայ «Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի երդիքին տակ։ Լուսանկարին մէջ նախարարը կ՚երեւի ցուցահանդէսը շրջելու ժամանակ։
Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016