ՍԵՐՊԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Սեր­պիոյ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Մա­յա Կոյ­քո­վիչ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Ան Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Գա­լուստ Սա­հա­կեան եւ Մա­յա Կոյ­քո­վիչ քննար­կե­ցին եր­կու եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր ու սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Բա­ցի Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նէն ներս ու­նե­ցած շփում­նե­րէն, հիւր խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը ե­րէկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան այ­ցե­լեց Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ, նաեւ ըն­դու­նուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան այս տա­րի պի­տի այ­ցե­լէ Պելկ­րատ՝ Սեր­պիոյ նա­խա­գա­հին հրա­ւէ­րով։

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016