ԷԼ ՊԱՊ ԵՒ … ՌԱՔՔԱ
Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ մէջ թափով յառաջ կը տանին «Եփրատի վահան» գործողութիւնը, որու շնորհիւ լուրջ հարուածներ կը կրէ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խաբաւորում)։ Այս գործողութիւնը թէեւ անհամեմատօրէն տկարացուցած է ահաբեկչական խմբաւորումը, սակայն վերջին օրերուն թրքական զօրքերն ալ դարձեալ տուին կորուստներ, ինչ որ մեծ ցաւ յառաջացուց բովանդակ երկրին մէջ։ Երէկ, Սուրիոյ գործողութիւններուն ընթացքին դժբախտաբար հինգ թուրք զինուոր նահատակուեցաւ։ ԻՇԻՊ-ի հետ բախումներուն ընթացքին զոհուեցան Եահեա Էֆիլօղլու, Կէօքհան Քըլըչ, Թարըք Քոչօղլու, Մահմուտ Ուսլու եւ Ումուտ Այթեքին։ 169 օրէ ի վեր կը շարունակուի այս գործողութիւնը, որու ընթացքին նահատակուած զինուորներուն թիւը բարձրացաւ 61-ի։ Երէկուան բախումներուն ընթացքին 15 զինուոր ալ վիրաւորուեցաւ։
«Եփրատի վահան» գործողութեան շրջագծով Թուրք զինեալ ուժերը ներկայիս կը շարունակեն սաստկօրէն հարուածել Էլ Պապ քաղաքը։ Բանակը երէկուան դրութեամբ արդէն իր վերահսկողութեան տակ առաւ Էլ Պապի շրջակայքի ռազմավարական նշանակութեամբ բլուրները։ Բանակը արդէն Էլ Պապի վրայ ամենասաստիկ յարձակման ձեռնարկած է։ Երէկ առաւօտեան ժամերուն Էլ Պապի մէջ Թուրք զինեալ ուժերը ձեռք անցուցին ԻՇԻՊ-ի գլխաւոր հրամանատարութիւնը եւ երիտասարդական կեդրոնը։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար երէկ բանակի բարձրագոյն հրամանատարներուն հետ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ՝ գործողութիւններու վերջին վիճակին շուրջ։
Միացեալ Նահանգներու կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութեան զօրքերու բանբերը՝ գնդապետ Ճոն Տարեընն ալ յայտնեց, որ ԻՇԻՊ շատ դժուար վիճակի մատնուած է Էլ Պապի մէջ։
Դաշտի վրայ այս արդիւնքները, բնականաբար, կ՚ապահովուին դիւանագիտական խտացեալ շփումներով պայմանաւորուած միջազգային ներդաշնակութեան մը միջավայրին մէջ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ յայտնեց, որ Էլ Պապէն վերջ կարգը պիտի գայ Ռաքքային։ Արդարեւ, Սուրիոյ մէջ Էլ Պապի եւ Ռաքքայի եւ Իրաքի մէջ ալ Մուսուլի մաքրագործումով հնարաւոր պիտի դառնայ պարտութեան մատնել ԻՇԻՊ-ը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին հեռախօսազրոյցին զուգահեռ թուրք-ամերիկեան համագործակցութիւնն ալ վերստին թափ ստացած է այս առանցքին վրայ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ յայտնեց, որ կարելի չէր եղած համոզել ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պարաք Օպաման, սակայն Տանըլտ Թրամփ հաշտ աչքով կը դիտէ Թուրքիոյ առաաջարկները։ Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ տարածքաշրջանային հարցերը քննարկեց նաեւ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ատիլ Էլ Ճուպէյրի հետ։ Թէ՛ Էրտողան եւ թէ Չավուշօղլու տեսակցեցան Էլ Ճուպէյրի հետ։
ԻՇԻՊ-ի դէմ գործողութիւններու ապագան յստակեցնելու տեսակէտէ հետաքրքրութեամբ կը սպասուին նաեւ CIA-ի տնօրէն Մայք Փոմփէոյի այսօրուան Անգարա այցելութեան արդիւնքներուն։ Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցին ի շարունակութիւն ան կ՚այցելէ Թուրքիա։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ երէկ մանրամասնութիւններ հաղորդեց «Եփրատի վահան» գործողութեան ընթացքին շուրջ։ Թրքական զօրքերը եւ անոնց կողմէ հովանաւորուած Ազատ Սուրիոյ բանակը հիւսիսէն կը յառաջանան դէպի Էլ Պապ։ Իսկ Սուրիոյ բանակը հարաւէն կը յառաջանայ դէպի նոյն քաղաքը։ Վարչապետ Եըլտըրըմ երէկ հաստատեց այդ տուեալները եւ յայտնեց, որ համակարգման ուղղութեամբ շատ լուրջ քայլեր կ՚առնուին։ Թէ՛ միջազգային համախոհութեան, թէ՛ թրքական ռազմաօդային ուժերուն եւ թէ Ռուսաստանի հետ կը համակարգուին բոլոր գործողութիւնները, որպէսզի կանխուին հաւանական տհաճ դէպքերը կամ բախումները։