ՅՈՌԵՏԵՍ ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒՄ

Նախ­կին Խորհր­դա­յին Միու­թեան վեր­ջին ղե­կա­վա­րը՝ Մի­խա­յիլ Կոր­պա­չով վեր­ջերս բա­ւա­կան յո­ռե­տես կան­խա­տե­սում­նե­րով հան­դէս ե­կաւ աշ­խար­հի ա­պա­գա­յին շուրջ։ Time հան­դէ­սին հա­մար գրի ա­ռած յօ­դուա­ծին մէջ Մի­խա­յիլ Կոր­պա­չով նշեց, որ աշ­խարհ կը պատ­րաս­տուի պա­տե­րազ­մի մը։ Ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րե­լով հա­մաշ­խար­հա­յին զին­ման ար­շա­ւին վրայ՝ Կոր­պա­չով հան­դէս ե­կաւ նա­խազ­գու­շա­ցում­նե­րով։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը շարժ­ման անց­նի կան­խե­լու հա­մար զի­նուո­րա­պաշ­տու­թիւ­նը (ռազ­մա­մո­լու­թիւն, մի­լի­թա­րիզմ)։

85-ա­մեայ Կոր­պա­չո­վի դի­տար­կում­նե­րով, ներ­կա­յիս աշ­խարհ չի կրնար դի­մադ­րել իր առ­կայ խնդիր­նե­րուն։ Ա­նոնք, ո­րոնք ուղ­ղու­թիւն ու ձեւ կու տան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան՝ կը թուին ըլ­լալ մո­լո­րուած։ Բայց եւ այն­պէս, ներ­կա­յիս ա­մե­նահ­րա­տապ հարցն է քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ռազ­մա­կա­նա­ցումն ու սպա­ռա­զի­նու­թեան նոր մրցա­վազ­քի մը սկիզբ ա­ռած ըլ­լա­լը։ Այդ ա­ւե­րիչ ար­շա­ւի կա­սե­ցու­մը պէտք է ըլ­լայ գլխա­ւոր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը։

Կոր­պա­չո­վի հա­մոզ­մամբ, առ­կայ կա­ցու­թիւ­նը շատ վտան­գա­ւոր է։ Եւ­րո­պա­յի մէջ թէ՛ ՆԱ­ԹՕ եւ թէ Ռու­սաս­տան կու­տա­կում­ներ կը կա­տա­րեն բա­ւա­կան մօ­տիկ ձե­ւով։ Պե­տա­կան պիւտ­ճէ­նե­րը կը դժուա­րա­նան դի­մագ­րա­ւել ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հիմ­նա­կան հա­ւա­քա­կան կա­րիք­նե­րը եւ կ՚ա­ւել­նան զի­նուո­րա­կան ծախ­սե­րը։ Շատ դիւ­րու­թեամբ գու­մար­ներ կը ճա­րուին այն հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գե­րուն հա­մար, ո­րոնք ռազ­մա­վա­րա­կան կա­յու­նու­թիւ­նը կրնան խախ­տել։ Նոյն շար­քին մէջ Կոր­պա­չով թուար­կած է նաեւ այն զէն­քե­րը, ո­րոնց կա­րո­ղու­թիւ­նը կա­րե­լի է բաղ­դա­տել զան­գուա­ծա­յին ոչն­չաց­ման սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րուն հետ կամ այն սու­զա­նա­ւե­րը, ո­րոնք ի զօ­րու են ոչն­չաց­նե­լու ցա­մա­քա­մա­սի մը կէ­սը։

Ըստ Կոր­պա­չո­վի, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներն ու զի­նուո­րա­կան ղե­կա­վար­նե­րը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի յար­ձա­կո­ղա­կան ոճ մը կ՚օգ­տա­գոր­ծեն ու պաշտ­պա­նու­թեան վար­դա­պե­տու­թիւն­նե­րը տա­կաւ կը դառ­նան վտան­գա­ւոր։ Մեկ­նա­բան­ներն ու հե­ռա­տե­սի­լի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւս կը մաս­նակ­ցին այդ խում­բին։ «Աշ­խարհ կար­ծես թէ պա­տե­րազ­մի մը կը պատ­րաս­տուի», գրած է Կոր­պա­չո­վ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017