ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ՌՈՒՀԱՆԻ ԿԸ ՇՕՇԱՓԵՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԸ
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա, ուր պիտի հիւրընկալուի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ այցելութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ Մարտի վերջաւորութեան։ Թեհրանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Լեւան Ճաղարեան յայտարարեց, որ այս այցելութեան ընթացքին երկու ղեկավարները պիտի քննարկեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը։ Փութին եւ Ռուհանի այս հիմնախնդիրը պիտի շօշափեն տարածքաշրջանային օրակարգի առաւել սուր հարցերու ծիրին մէջ։ Ղարաբաղեան հակամարտութեան առընթեր անոնք պիտի կեդրոնանան նաեւ Աֆղանիստանի իրավիճակին եւ Կասպից ծովու կարգավիճակի խնդիրներուն վրայ։
Մինչ այդ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի դէպի Թեհրան պաշտօնական այցելութեան արձագանգներն ալ կը շարունակուին։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեհրամ Քասըմի յայտարարեց, որ Երեւան-Թեհրան յարաբերութիւնները ուղղուած չեն որեւէ երրորդ կողմի դէմ։ Ըստ իրեն, այդ յարաբերութիւնները երբեք այնքան խնդիրներ չեն յառաջացուցած, ինչպէս Իրանի յարաբերութիւնները իր միւս հարեւաններուն հետ։ Բանբերը յիշեցուց նաեւ, թէ Իրան այն առաջին երկիրներէն մին է, որ միջնորդական առաքելութիւն ստանձնած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին շուրջ։
Անդրադառնալով Վիգէն Սարգսեանի Իրան կատարած այցելութեան՝ Քասըմի յայտնեց, որ շփումներուն ընթացքին քննարկուած են բազմաթիւ հարցեր, ներառեալ տարածքաշրջանային խնդիրները, մասնաւորապէս Սուրիոյ հարցը։ Բանբերին խօսքերով, Կովկաս շատ կարեւոր տարածքաշրջան մըն է եւ Իրան ունի պատմական, մշակութային եւ քաղաքական կապեր անոր հետ։