ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ ԴԻՐՔԸ ՄՆԱՑ ԱՆՓՈՓՈԽ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը նախընթաց օր հրապարակուած Ֆութպոլի միջազգային դաշնակցութեան (ՖԻՖԱ) նոր դասաւորման մէջ մնաց իր նոյն դիրքին վրայ՝ 101-րդ:

Նախորդ դասաւորումէն ետք Արմէն Կիւլպուդաղեանցի գլխաւորած խումբը որեւէ մրցում չկատարելով իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 1222 վարկանշային կէտ:

Առաջին տասնեակին մէջ եւս փոփոխութիւններ չկատարուեցան:

Պելժիա կը մնայ առաջին, որուն կը յաջորդեն Ֆրանսա (2-րդ) եւ Պրազիլ (երրորդ):

«Եւրօ-2020»ի ֆութպոլի ախոյենութեան զտումի մրցաշարքին Հայաստանի մրցակիցները կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը. Իտալիա՝ 18-րդ, Պոսնիա՝ 35-րդ, Յունաստան՝ 45-րդ, Ֆինլանտա՝ 59-րդ եւ Լիխթենշթայն՝ 181-րդ:

Հայաստանի կազմը, վերոնշեալ մրցաշարքին կը սկսի 23 մարտ 2019-ին՝ հիւրընկալելով Պոսնիան:

Յառաջիկայ ամսուան սկիզբը Հայաստանի խաղացողները պիտի սկսին հրաւիրուիլ ազգային հաւաքական, որպէսզի հաւաքներու մասնակցելով սկսին նախապատրաստուիլ առաջին մրցումին:

Շաբաթ, Փետրուար 9, 2019