«ԶԱՊԷԼ» ԿԻՆ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖՈՐՈՒՄԸ ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ՀԱՅ և ՕՏԱՐԱԶԳԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՆՐԱՀՌՉԱԿՄԱՆ

Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ կին գրողներու դերն ու նշանակութիւնը բարձրացնելու, կին ստեղծագործողներուն եւ անոնց գործերը  հանրութեան լայն շրջանակին ներկայացնելու նպատակով առցանց հարթակի վրայ տեղի կ՚ունենայ «Զապէլ» կին գրողներու միջազգային ֆորումը:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ նախաձեռնութիւնը կ՚իրականացնեն «Newmag» հրատարակչութիւնը եւ «ԱՐԻ» գրականութեան հիմնադրամը:

Այս առթիւ «ԱՐԻ» գրականութեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արեւիկ Աշխարոյեան ըսաւ. «Ֆորումի նպատակն է կին գրողները ուշադրութեան կեդրոն բերելը, հայ կին գրողները աւելի տեսանելի դարձնելը, արտասահմանցի կին գրողները Հայաստանի ընթերցողներուն ներկայացնելն ու հայ, օտարազգի կին գրողներու միջեւ երկխօսութիւն ստեղծելը»։

Անոր խօսքով՝ կը նախատեսեն ֆորումը վերածել փառատօնի, որու շրջանակին մէջ Հայաստան կը հիւրընկալէ ամբողջ աշխարհէն կին գրողներ:

Անդրադառնալով «Զապէլ» անուան՝ Աշխարոյեան ընդգծեց, որ ֆորումը կը կրէ պոլսահայ երախտաշատ գրող, արձակագիր, թարգմանիչ, հրապարակախօս, գրականագէտ ու ազգային-հասարակական գործիչ Զապէլ Եսայեանի անունը: «Վերջին տարիներուն անոր մասին շատ կը խօսուի, կը վերահրատարակուին Եսայեանի գիրքերը: Ան, ապրելով Օսմանեան կայսրութեան մէջ, զբաղած է հասարակական գործունէութեամբ, բարձրաձայնած է կանանց իրաւունքներու մասին, իսկ Մեծ եղեռնէն յետոյ օգնած է որբերուն, փրկած է զանոնք: Եսայեան գրած է իր տեսածն ու լսածը՝ թողնելով կարեւոր ժառանգութիւն: Ֆորումը անոր անունով կոչելով՝ փափաքեցանք յարգանքի տուրք մատուցել Զապէլ Եսայեանի յիշատակին», նշեց «ԱՐԻ» գրականութեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը:

Իր կարգին, «Newmag» հրատարակչութեան գրական ծրագրերու ղեկավար Գոհար Մանուկեանն ալ ներկայացուց ֆորումի իրականացման ձեւաչափը: Ան տեղեկացուց, որ արդէն գործարկած են «www.zabel.am» երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն կայքը, որ ունի բազմաբնոյթ էջեր: «Հետաքրքրական է «Միջոցառումներ» էջը, ուր կրնաք նախապէս տեղեկանալ դասախօսութիւններու, քննարկումներու մասին: Իմանալով օրն ու ժամը՝ «Յօդուած» բաժնին մէջ կրնաք կարդալ քննարկումներու մասին նիւթերն ու դիտել տեսանիւթերը: «Հեղինակներ» էջին մէջ ներկայացուած են բոլոր գրողները, որոնք կը համագործակցին ֆորումի հետ: Կան հայեր, օտարազգիներ, միջազգային ճանաչում ունեցող գրողներ: Կը Ներկայացնենք անոնց կենսագրութիւնը, ստեղծագործութիւնները, կը հրապարակենք նաեւ անտիպ գործեր: «Լուրեր» բաժնին մէջ կը ներկայացնենք նոր գրողները, գրական իրադարձութիւններն ու նորութիւնները», շեշտեց Գոհար Մանուկեան:

Ան յայտնեց, որ արդէն իսկ հարցազրոյցներ իրականացուցած են գրողներու հետ: Ֆորումի շրջանակներէն ներս ամէն ամիս կը փորձեն տարբեր երկիրներու գրողներու ամիս յայտարարել. փետրուարը նուիրուած է հայ գրողներուն:

«Փաստ է, որ բազմաթիւ գրողներ իրենց ստեղծագործութիւնները կը թողնեն թուղթի վրայ, իսկ տպագրուելէ յետոյ անոնք բոլորին հասանելի չեն դառնար։ Մեր հարթակը գրողներուն թոյլ կու տայ առաւել լայն տարածել իրենց գործերը», եզրափակեց Մանուկեան:

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2021