ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքերի հետ։ Այս վերջինը ներկայիս կը գործէ պաշտօնակատարի կարգավիճակով։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արա Այվազեան եւ Ֆիլիփ Ռիքեր կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Անոնք առանձնայատուկ ընդգծեցին Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան հարթակի դերը համագործակցային օրակարգը յառաջ մղելու եւ խորացնելու տեսակէտէ։ Զրուցակիցները անդրադարձան տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն։ Արցախի դէմ իրականացուած բռնութեան հասցէագրման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերու համատեսքին մէջ Արա Այվազեան Ֆիլիփ Ռիքերի ուշադրութիւնը հրաւիրեց մարդասիրական խնդիրներուն վրայ։ Ան մասնաւորապէս շեշտեց, որ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձման հարցին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ստեղծուած խոչընդոտները անթոյլատրելի են։

Երկուստեք ընդգծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման առանցքային հարցերու հասցէագրումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։ Սա յստակօրէն ամրագրուած է համանախագահ երկիրներու բարձր ներկայացուցիչներուն կողմէ 3 դեկտեմբեր 2020 թուականին կատարուած յայտարարութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2021