ՈՉ ԵՒՍ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԱԽՏԱՇԱՏ ԲԱՐԵՐԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ֆրանսայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեծանուն ազգային բարերար Յովհաննէս Չիլինկիրեան, որ նախկին պոլսահայ մըն էր։ Ան եղած էր հայկական սփիւռքի ամենախորհրդանշական անուններէն մին, տիրական կերպար մը, որ կը պայմանաւորէր անոր յիշողութիւնը։ Յովհաննէս Չիլինկիրեան շառաւիղն էր նահատակ մտաւորական, գիտնական ու ազգային գործիչ Ռուբէն Սեւակի։ Այս վերջնոյն հետ ունեցած արենակցական կապը բնորոշած էր իր կեանքի ուղին։ Տասնամեակներ շարունակ Յովհաննէս Չիլինկիրեան ապրած էր՝ հաւատարիմ մնալով Ռուբէն Սեւակի յիշատակին, ապրեցնելով անոր յիշատակը եւ այդ յիշատակին ընդմէջէն ալ յաւերժութիւն ու արդարութիւն մատուցելով հայոց ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներուն։

Պոլսահայ նահապետական ընտանիքի մը որդին էր Յովհաննէս Չիլինկիրեան։ Իսթանպուլի մէջ կրթութիւն ստացած եւ կեանքի պայքարի նետուած էր։ Ինչպէս իր գրեթէ բոլոր սերնդակիցներու պարագային, Յովհաննէս Չիլինկիրեան չարքաշ պայքարի մը նետուած էր կեանքի մէջ յաջողելու եւ իր ընտանիքին համար ապագայ մը կերտելու, զաւակները դաստիարակելու համար։ Գործարար կեանքի մէջ արձանագրած էր փայլուն նուաճումներ, սակայն, այդ յաջողութիւնները երբեք իր կեանքի առանցքը չէին կազմած։ Ան ունէր իր ներաշխարհը, կը դաւանէր ուրոյն արժեհամակարգի եւ ձեռք բերած հնարաւորութիւնները կը համարէր միայն միջոցներ՝ իր իտէալներու ճանապարհին վրայ հետեւողականօրէն ընթանալու համար։

Յովհաննէս Չիլինկիրեան տասնամեակներ առաջ հաստատուած էր Ֆրանսա։ Իր ընտանիքին հետ մեկնած էր Ֆրանսայի հարաւը, ուր կեանքին մինչեւ վերջը ապրեցաւ՝ որպէս նահատակ Ռուբէն Սեւակի շառաւիղը՝ ազգականը։ Այդ արենակցական կապը առաքելութեան մը, կոչումի մը վերածուած էր իրեն համար։ Յովհաննէս Չիլինկիրեան Նիսի մէջ կը գործէր որպէս՝ վառ անհատականութիւն, որ կը պայմանաւորուէր շրջանի փոքրաթիւ հայութեան հաւաքական դիմագիծը եւ դարձած էր մղիչ ուժ մը՝ այդ սակաւաթիւ համայնքի հայկականութեան պայքարին համար։ Ինչպէս հայկական, այնպէս ալ ֆրանսական շրջանակներէն ներս կը համարուէր հեղինակութիւն մը։ Համատարած յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած անձնաւորութիւն մըն էր, կը ջանար խրախուսել հայկական կեանքի դրական շարժումները։ Յովհաննէս Չիլինկիրեան տասնամեակներ շարունակ մեծ եռանդ ներդրած էր արժէքներ կուտակելու համար։ Նուիրականութեան համազօր գուրգուրանքով կեանքի ողջ տեւողութեան պահպանած էր այն ամէն ինչը, որ Ռուբէն Սեւակէն մնացած էր։ Այդ աւանդը ժամանակի ընթացքին նաեւ հնարաւորինս ճոխացուցած էր։ Բաց աստի, ունէր գեղարուեստական շատ հարուստ հաւաքածոյ մը։ Բոլոր անոնք, որոնք հնարաւորութիւն ունեցած էին այցելելու Նիսի իր յարկաբաժինները, արդէն անվարան կը վկայէին, թէ անոնք թանգարանի մը համազօր էին։ Յամենայնդէպս, Յովհաննէս Չիլինկիրեանի կուտակած արժէքները անհատական գեղարուեստական հաւաքածոյի մը սահմանները վաղուց գերազանցած էին, որովհետեւ ան հայկական արժէքներու իսկական շտեմարան մը ստեղծած էր, այդ շտեմարանը հիւսուած էր ազգի մը գոյատեւման պայքարի խորհրդանշանը դարձած գլուխգործոցներով եւ այդ ստեղծագործութիւնները այնպիսի ամբողջ մը կը կազմէին, որ հայ ժողովուրդի յարատեւութեան գաղտնիքը կը ցոլացնէին։ Յովհաննէս Չիլինկիրեան այդ ամբողջը կազմելու համար ըրած էր մեծ ներդրում, յանձն առած էր զոհողութիւններ, սակայն, խորքին մէջ ստեղծած էր այնպիսի պատկառելի հարստութիւն մը, որու բարոյական արժէքը բազմապատկած էր նիւթական իր սահմանները։

Եթէ կեանքի ողջ տեւողութեան Յովհաննէս Չիլինկիրեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը հայաշխարհին կողմէ ընկալուած էր մեծ գնահատանքով, ապա կեանքի վերջաւորութեան իր կողմէ կատարուած կարգադրութիւնները այդ գնահատանքը հասցուցած էին իսկական հիացմունքի աստիճանի։ Արդարեւ, Յովհաննէս Չիլինկիրեան այն ինչ, որ իր սեփական միջոցներով ու ջանքերով կուտակած էր, հաւաքած էր իր ազգէն, ապա կեանքի վերջաւորութեան այդ բոլորը անհատոյց ձեւով վերադարձուց իր ազգին։ Իրեն համար սրբութեան համազօր Ռուբէն Սեւակէն աւանդածներն ու ամբողջ գեղարուեստական հաւաքածոն ան նուիրեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։ Այսօր անոնք լաւագոյնս արժեւորուած են հայոց ընդհանրական հոգեւոր կեդրոնէն ներս։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տարիներէ ի վեր արդէն կը գործէ «Ռուբէն Սեւակ» թանգարանը, որ կը հիւրընկալէ բազում հետաքրքիրներ։ Մայրավանքի համալիրի ամենաբանուկ անկիւններէն մին է այդ թանգարանը, որ կը գտնուի Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի անմիջական հարեւանութեամբ։ Թէեւ աղօթատուն մը չէ այդ թանգարանը, սակայն այնտեղ սրբավայրի մը մթնոլորտը կը տիրէ, որովհետեւ այն ինչ, որ ներկայացուած է այնտեղ՝ տասնամեակներ շարունակ ստեղծագործուած եւ կուտակուած է հայու հաւատքով, յամառութեամբ, բարոյական արժէքներով եւ Աստուծոյ ապաւինութեամբ։

Իր գործունէութեան հանրութեան ցոլացած երեսակէն անդին՝ Յովհաննէս Չիլինկիրեան տիպար ընտանեկան հայր մըն էր։ Ունէր երեք դուստր, թոռներ ու ծոռներ, որոնք իր կեանքի երջանկութեան բացարձակ աղբիւրը կը հանդիսանայ։ Եթէ մէկ կողմէ Ռուբէն Սեւակի դաժան ճակատագրի ողբը կը կրէր սրտին մէջ Յովհաննէս Չիլինկիրեան, ապա միւս կողմէ իր հարազատներուն նկատմամբ սէրը համատեղած էր իր այդ մեծ սրտին մէջ եւ ընտանիքին նկատմամբ հոգածութիւնը թէկուզ կու գար հաւասարակշռել կամ տանելի դարձնել իր ծանր վիշտը։ Իր հասցուցած զաւակներն ալ եղած են իրեն արժանի յաջորդներ եւ այսօր իրենց ընտանիքներով դրական մասնակցութիւն կը բերեն սփիւռքեան ազգային-եկեղեցական կեանքին։

Կը տեղեկանանք, որ նորոգ հանգուցեալ ազգային բարերարին յուղարկաւորութիւնը նախատեսուած է այս ուրբաթ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Յովհաննէս Չիլինկիրեանի բարի հոգւոյն ու կը մաղթենք, որ ան արժանի ըլլայ երկնային անթառամ պսակներուն։ Նոյն առթիւ խորազգած ցաւակցութիւններ կը յայտնենք իր հարազատներուն՝ Յակոբ-Շամիրամ Աւագեանին, Վարդան-Անի Սըրմաքէշին, Արփի Պաղտասարեանին, բոլոր թոռնիկներով ու ծոռ-ներով հանդերձ, նաեւ խնամիին՝ Սօնա Սըրմաքէշին եւ համայն ընտանիքին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2021