ՄԱՔՐՈՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՍՏԱՆՁՆԱԾ ԵՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մինչ Ուքրայնայի տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը, երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն աւարտեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Մոսկուա եւ Քիեւ։ Նախօրէին Քրեմլինի պալատէն ներս Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններ վարելէ վերջ, Էմմանիւել Մաքրոն երէկ ալ Քիեւի մէջ տեսակցեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Երկօրեայ այս կարեւոր շփումներու աւարտին Մաքրոն յայտնեց, թէ ինք յաջողած է, որպէսզի Փութին եւ Զելենսքի պարտաւորութիւններ ստանձնեն՝ խստօրէն գործելու համար Մինսքի պայմանաւորուածութիւններու շրջանակէն ներս։ Ֆրանսացի ղեկավարը շեշտեց նաեւ, որ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի նախագահներուն հետ վերջին հանդիպումներուն ժամանակ կարելի եղած է յառաջընթաց արձանագրել տարածաշրջանէ ներս կայունութեան եւ անվտանգութեան ուղղութեամբ։ Մաքրոն աւելցուց, որ յոյս ունի կայուն լիցքաթափման ուղղութեամբ։ Իր խօսքով, յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն կացութեան բնականոնացման ու լարուածութեան մշտական ձեւով յաղթահարման հետամուտ են եւ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն Ուքրայնայի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ։ Մաքրոն յայտնեց, որ Ֆրանսա մտադիր է Գերմանիոյ հետ տեւականացնելու միջնորդական ջանքերը՝ Ուքրայնայի եւ Ռուսաստանի միջեւ առկայ տագնապին վերջ տալու նպատակով։ Ֆրանսացի ղեկավարը տեղեկացուց նաեւ, որ 10 փետրուարին Պերլինի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան Նորմանտիայի ձեւաչափի երկիրներու (Ռուսաստան, Գերմանիա, Ֆրանսա եւ Ուքրայնա) ղեկավարներու խորհրդականները։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներուն մէջ Մաքրոնի այս շփումներու լոյսին տակ որոշ չափով լաւատեսութիւն մը ստեղծուած է։ Այս մթնոլորտին մէջ Քրեմլինի պալատն ալ արձագանգեց ֆրանսացի ղեկավարի ջանքերուն եւ շփումներուն։ Մոսկուա համոզուած է, թէ Փարիզի հետ անկարելի է համաձայնութիւն մը կնքել, որովհետեւ ան ՆԱԹՕ-ի ղեկավարի դիրքին վրայ չէ։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ անկարելի է Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի միջեւ համաձայնութեան մը գոյանալը։ Իր խօսքով՝ Ֆրանսա թէ՛ Եւրոմիութեան եւ թէ ՆԱԹՕ-ի անդամ է, սակայն այդ հարթութիւններուն վրայ ղեկավար երկիրը չէ։

Փեսքով այս առթիւ յայտնեց, որ ռուսական կողմը պատրաստ է բոլորին հետ հանդիպելու։ Փութինի բանբերը շեշտեց, որ Արեւմուտքը պատրաստակամ չէ հաշուի առնելու Ռուսաստանի մտահոգութիւնները անվտանգութեան բնագաւառի կապակցութեամբ։ Փեսքով եւս համամիտ է, թէ լիցքաթափման մեծ կարիք գոյութիւն ունի։ Արդարեւ, լարուածութիւնը օրէ օր կը բարձրանայ։ Արեւմտեան երկիրները Ուքրայնա կ՚առաքեն օդանաւներ, որոնք կը տեղափոխեն զօրքեր եւ զէնք ու զինամթերք։ Ուքրայնայի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան զինուորական ռազմափորձեր եւ այդ երկիր առաքուած արդիական զէնք ու զինամթերքները կը փորձարկուին։ «Բնականաբար, այս բոլորը կը հրահրեն լարուածութեան նոր ալիքներ։ Այս պատճառով անհրաժեշտ է լարուածութիւնը նուազեցնել», ըսաւ Տիմիթրի Փեսքով։

Փութինի բանբերը աւելցուց, որ յառաջիկայ 10-20 փետրուարին Սպիտակ Ռուսիոյ տարածքէն ներս տեղի պիտի ունենայ «Դաշնակցային վճռականութիւն-2022» համատեղ զօրավարժութիւնները։ Ըստ Փեսքովի, Ռուսաստանի զօրքերը երկիր պիտի վերադառնան՝ այդ ռազմափորձերուն մասնակցելէ վերջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 9, 2022