ՄԻԱՅՆ ԹԷ ԽԱՂԱՂ ՀԱՍՆԻՆ…

Մարմնի անդամներն ու զգայարանքները կու գան մարդուն համար կերտել ներաշխարհ մը՝ իրենց բազմակողմանի դերակատարութիւններով ու թերացումներով։ Վերիվայրումներն ու մաքառումները միշտ ուղեկից են այդ ներաշխարհին։ Ֆիզիքական ու բարոյական գործիքներ, որոնք զիրար կը լրացնեն։ Անոնք մէկ կողմէ կարողութիւն են, ընդունակութիւն, իսկ միւս կողմէ ռիսք՝ իրենց ամբողջ ըրած-չըրածով։ Մտքի եւ խղճի հաշուեյարդարէն կրնա՞յ խուսափիլ մարդ՝ կեանքի ինչ-ինչ դրուագներուն դիմաց։

Աննպատակ քալելու ժամանակ կը բացուի երեւակայութիւնդ, նաեւ կրնաս զղջալ ուրիշներուն ըրած-չըրածներուդ համար։ Աննպատակ դիտելու ատեն ալ դէմդ կ՚ուրուագծուի հորիզոն մը, որուն մէջ սուզուելով կրնաս զղջալ ինքզինքիդ պարագային ըրած-չըրածներուդ համար։ Կան պատկերներ, որոնք միայն պարապութեան խորութեան, անդորրին անկեղծութեան ու առանձնութեան համարձակութեան մէջ կը պարզուին։

Արաբական մշակոյթի հսկաներէն Մահմուտ Տարուիշն ալ ունի իր բանաձեւումը. «Ծնած օրէդ սկսեալ կը պայքարիս կեանքին դէմ՝ միայն թէ խաղաղ հասնիս մահուան»։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 9, 2022