ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ-ՊԼԻՆՔԸՆ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Երկու նախարարները ի թիւս այլ հարցերու անդրադարձան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Չավուշօղլու եւ Պլինքըն այս նիւթը շօշափեցին Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւններու շրջանակին մէջ։ Անոնք կանգ առին Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացիկ գործընթացի վերաբերեալ նիւթերու վրայ։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Չավուշօղլու հրաւէր ուղղեց, որպէսզի Պլինքըն մասնակցի Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին, որ նախատեսուած է մարտի 11-13-ին։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չավուշօղլու երէկ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ալ յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Ան տեղեկացուց, որ Երեւան տակաւին չէ արձագանգած Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելու ուղղութեամբ Անգարայէն ուղարկուած հրաւէրին։ Նախարարը դիտել տուաւ, որ այդ հրաւէրները ուղարկուած են Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին եւ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանին, որ յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնը կը վարէ Անգարա-Երեւան բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններուն մէջ։ «Երեւան տակաւին չէ հաստատած իր մասնակցութիւնը Անթալիայի ֆորումին», ըսաւ նախարարը։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին բերուելիք հաւանական մասնակցութեան նիւթին։ Ըստ Չավուշօղլուի, Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրաւէր մը չէ ուղարկուած Նիկոլ Փաշինեանին, որովհետեւ այլ երկիրներու ղեկավարներու հրաւէրները կ՚ուղարկուին Հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ։
Նախարար Չավուշօղլու երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ խօսեցաւ նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի Վիեննայի մէջ նախատեսուած յառաջիկայ հանդիպման։ Ըստ իրեն, Վիեննայի մէջ տեսակցելու նախաձեռնութիւնը եկած է հայկական կողմէն։ Նախարարին կողմէ փոխանցուած մանրամասնութիւններով՝ հայկական կողմը առաջարկած է յատուկ ներկայացուցիչներու երկրորդ հանդիպումը կազմակերպել կա՛մ Վիեննայի եւ կամ Ժընեւի մէջ։ Նկատի ունենալով, որ 2009 թուականին Զուիցերիոյ մէջ նախորդ անյաջող տեսակցութեան փորձառութիւն մը խնդրոյ առարկայ դարձած է, արդէն որոշուած է յատուկ ներկայացուցիչներու այս երկրորդ հանդիպումը իրականացնել Աւստրիոյ մէջ։ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ Ֆինլանտիոյ Արտաքին գործոց նախարար Փեքքա Հաաւիսթոյի հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ալ խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն մասին։ Ան այս առթիւ ըսաւ. «Եւրոմիութիւնը կը բարձրաձայնէ չքմեղանք մը, ըստ որու Յունաստան Եւրոպայի սահմանները կը պահէ։ Մինչդեռ Եւրոպայի սահմանները արեւելքին եւ հարաւին կը սկսին Թուրքիայէն, աւելի հիւսիս երթալու ժամանակ ալ Եւրոպայի սահմանները կը սկսին Ատրպէյճանէն, Հայաստանէն, Վրաստանէն, Կովկասէն եւ Ռուսաստանէն։ Եւրոպայի սահմանները կը պաշտպանուին Թուրքիոյ կողմէ՝ մասնաւորապէս գաղթականներու հարցին շուրջ»։
Դիւանագիտական գետնի վրայ ամենաբարձր մակարդակով կատարուած այս յայտարարութիւններուն առընթեր, երէկ լրատուամիջոցներու մօտ արձագանգ գտաւ ուրիշ հետաքրքրական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Առեւտուրի նախարար Մեհմէտ Մուշ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Կարսի կուսակալին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, նախարարը եւ Կարսի կուսակալը զրոյցի ընթացքին քննարկեցին Հայաստանի հետ սահմանի բացման վերաբերեալ նիւթեր։ Այս իրադարձութիւնը արձագանգ գտած է ինչպէս տեղական աղբիւրներու, այնպէս ալ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հաղորդումներուն մէջ։
Միւս կողմէ, երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի միջեւ։ Թէեւ պաշտօնական հաղորդումներուն մէջ ուղղակի բովանդակութեան մասին համապատասխան հաղորդումներ չկան, սակայն, այսպիսի շփումները միշտ ալ Հարաւային Կովկասի տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն, որովհետեւ Մոսկուա եւ Թեհրան կը հանդիսանան տարածաշրջանի ազդու դերակատարներէն։