ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԻ ԱՊԱԳԱՆ ԱՂՕՏ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Ճէյմս Քլափէր յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարը աղօտ է։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ճէյմս Քլափէր նախընթաց օր ելոյթ մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի պաշտպանութեան հարցերով յանձնաժողովի լսումներուն շրջագծով։ Տարեկան այս լսումներուն ժամանակ ԱՄՆ-ի յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարները կը ներկայացնեն համաշխարհային սպառնալիքներն ու ԱՄՆ-ի ազգային շահերու վտանգները։
Քլափէր մատնանշեց, որ հայ եւ ազէրի զինեալ ուժերու հակամարտութեան գծին վրայ 2014 թուականին արձանագրուած է հրադադարի խախտումներու եւ զոհերու թիւի աճ։ Ըստ իրեն, լարուածութեան սրացումը կը վկայէ, որ հակամարտ զինեալ ուժերու՝ իրարու այդքան մօտ գտնուիլը կրնայ ոչ-դիտաւորեալ կամ սխալներու պատճառով պարունակել լարուածութեան հաւանական վտանգներ։
Վրաստանի կապակցութեամբ Քլափէր նշեց, որ Թիֆլիզի եւ Մոսկուայի միջեւ վիճաբանութեան առանցքային հարցերուն շուրջ դժուար թէ տեղի ունենայ յառաջընթաց մը, ներառեալ Վրաստանի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան ձգտումներն ու բռնագրաւեալ տարածքներու՝ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ կարգավիճակի հարցերուն մէջ։ Իր կանխատեսումներով Վրաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ լարուածութիւնը պիտի մնայ բարձր մակարդակի վրայ։ Ան համոզուած է, թէ Մոսկուա պիտի շարունակէ ճն-շումներ գործադրել Թիֆլիզի վրայ, որպէսզի ան հրաժարի ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոմիութեան հետ սերտ կապերէ։
Անդրադառնալով Ուքրայնոյ ճգնաժամին՝ Ճէյմս Քլափէր յայտնեց, որ իրենց կանխատեսումներով ռուսամէտ անջատողականները յառաջիկայ գարնան պիտի յարձակին Ուքրայնոյ Մարիուփոլ քաղաքին վրայ։ Քլափէրի կանխատեսումներով, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին նպատակ չունի ամբողջ Ուքրայնան գրաւելու, բայց պիտի փափաքի ցամաքային գօտի մը ստեղծել իր երկրին եւ Խրիմի միջեւ, որ աւելի առաջ կցուած էր Ռուսաստանին։