Ալեքսանդր Սիրադեկեան Փարիզի մէջ ներկայացուց իր ՈՒՐՈՅՆ հաւաքածոն
Ռուսաստանի մէջ ստեղծագործող հայազգի տիզայնըր Ալեքսանդր Սիրադեկեան (Aleksander Siradekian) Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ ընթացող Նորաձեւութեան շաբթուան շրջանակներէն ներս ներկայացուցած է իր ստեղծած հանրայայտ «պոչիկաւոր» կօշիկներու առանձնայատուկ հաւաքածոն:
Տաղանդաշատ դիզայնըրը Haute Couture հաւաքածոն անուանած է Val de Loire: Այս հաւաքածոյին մէջ Սիրադեկեան ներառած է բացառապէս ձեռքով կարուած կօշիկներու տասն ինքնատիպ զոյգ, որոնց երկուքը՝ մանկական են:
Սիրադեկեան բարձրակրունկ կօշիկներէն ամէն մէկը զարդարած է «պոչիկով», ինչպէս նաեւ ժանեակներով, շղարշով, մետաքսով, մարգարիտներով ու բիւրեղներով: Կօշիկի ամէն մէկ զոյգը պատրաստւած է ինն շաբաթուան քրտնաջան աշխատանքով: