ԺԱՌԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋԸ
Օսմանեան կայսրութեան 34-րդ թագաւորին՝ Սուլթան Ապտիւլհամիտի շառաւիղները որպէս ժառանգ իրաւական պայքար կը մղեն՝ իրենց մեծհօրմէ ժառանգուած կալուածներու սեփականութեան վերստին տիրանալու համար։ «Միլլիյէթ» օրաթերթը տեղեկացուց, թէ աստղաբաշխային արժէքով այդ կալուածներու մասին տարիներէ ի վեր կ՚ընթանայ դատական գործընթաց մը, իսկ յառաջիկայ Ապրիլի 14-ին Իսթանպուլի 12-րդ Իրաւունքի ատեանին մօտ նախատեսուած է դատավարութիւն մը։
Ներկայիս գոյութիւն ունի 250 հոգիէ բաղկացեալ ժառանգներու ցուցակ մը։ Այս հարցին շուրջ ստեղծուած մասնագէտներու յանձնախումբը յառաջիկայ օրերուն տեղեկագիր մը պիտի ներկայացնէ՝ յիշեալ ցանկին վրայ ընդգրկուած անուններու ցեղային կապերուն, ուստի եւ հաւանական շահաբաժիններուն շուրջ։
Սուլթան Ապտիւլհամիտի ժառանգներուն կողմէ պահանջուած կալուածներու շարքին կը գտնուի նաեւ Կալաթասարայ կղզին, Գուրուչէշմէ։ Ծանօթ է, որ այդ կղզին անցեալի մէջ պատկանած է նաեւ օսմանեան արքունի ճարտարապետներու՝ Պալեաններու գերդաստանին, իսկ աւելի վերջ ժառանգներու բացակայութեան պատճառով սեփականութեան իրաւունքը անցած է նախ Պետական գանձին, աւելի վերջ ալ՝ Կալաթասարայ մարզակումբին։