ԲԱԽՏՈՐՈՇ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ

Թրքա­հայ հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ բախ­տո­րոշ ժա­մա­նա­կա­ցոյց մը կ՚ըն­թա­նայ այս օ­րե­րուն։ Մեծ պա­հոց ներ­կայ նուի­րա­կան շրջա­նին Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան մէջ՝ Մար­տի 15-ին նա­խա­տե­սուած հա­մա­գու­մար-ժո­ղո­վի ար­դիւն­քով պի­տի ընտ­րէ տե­ղա­պահ մը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, վեր­ջերս Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րուն՝ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի, Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի եւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի մի­ջեւ ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թեան հի­ման վրայ կ՚ըն­թա­նայ այս բախ­տո­րոշ ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը։ Յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի յետ­մի­ջօ­րէին Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վը նիստ մը պի­տի գու­մա­րէ, իսկ եր­կու օր վերջ՝ Չո­րեք­շաբ­թի, 15 Մար­տին, Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րի ժո­ղով նա­խա­տե­սուած է։ Հա­մա­գու­մար-ժո­ղո­վը պի­տի ընտ­րէ պատ­րիար­քի տե­ղա­պա­հը եւ ա­ւե­լի վերջ ալ հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեանց մաս­նակ­ցու­թեամբ պի­տի կազ­մուի նա­խա­ձեռ­նարկ մար­մին մը։ Այս­պէ­սով պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը թափ պի­տի ստա­նայ անշր­ջա­դար­ձե­լիօ­րէն։ Ընտ­րուե­լիք տե­ղա­պահն ալ պի­տի ստանձ­նէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի վե­րահսկ­ման պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան այս գի­շե­րուան ժա­մե­րուն կը հաս­նի քա­ղաքս։ Ան եւս պի­տի մաս­նակ­ցի յա­ռա­ջի­կայ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րին։ Վեր­ջին շուրջ ինն տա­րի­նե­րուն, երբ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը գործ­նա­կա­նօ­րէն (այժմ նաեւ պաշ­տօ­նա­պէս) թա­փուր է, ա­ռա­ջին ան­գամ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մար-ժո­ղով մը պի­տի գու­մա­րուի՝ մեր Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Հա­մա­գու­մա­րին պի­տի նա­խա­գա­հէ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Հա­շուի առ­նե­լով, որ ե­րեք սրբա­զան­ներն ալ տե­ղա­պա­հի թեկ­նա­ծու են՝ ա­նոնք ար­դէն պի­տի գտնուին տեղ­ւոյն վրայ եւ այս­պէ­սով տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան բո­լոր թեկ­նա­ծու­նե­րը անխտիր պի­տի կա­րե­նան հե­տե­ւիլ ընտ­րու­թեան ըն­թաց­քին։

Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւին այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Նոյն­պէս յա­ջորդ շաբ­թուան սկիզ­բին նա­խա­տե­սուած է Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կին (VADİP) ժո­ղո­վը։ Գում­գա­բուէն հա­սած ան­պաշ­տօն լսում­նե­րը ա­ռայժմ բա­ւա­րար չեն տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան ար­դիւն­քին շուրջ կան­խա­տե­սում­ներ ը­նե­լու հա­մար։ Յա­մե­նայն­դէպս, հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­ներն ու հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը վառ հե­տաքրք­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ։

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը այս մթնո­լոր­տին մէջ շօ­շա­փեց մեր Ա­թո­ռի վե­ղա­րա­ւոր միա­բան­նե­րուն տրա­մադ­րու­թիւ­նը։ Ծա­նօթ է, որ բա­ցի ե­րեք սրբա­զան­նե­րէն քա­ղա­քիս մէջ եօթ վե­ղա­րա­ւոր­ներ կը բե­րեն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան եւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ան­սա­սա­նու­թեան հա­մար։ Այս կա­րե­ւոր հանգ­րուա­նին ա­նոնք բա­րի ե­ղան բաժ­նել ի­րենց մօ­տե­ցում­նե­րը թեր­թիս հետ։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի եօթ վե­ղա­րա­ւոր միա­բան­նե­րուն մօ­տե­ցում­նե­րը՝ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան ըն­դա­ռաջ։

Տ. ԹԱ­ԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. Ա­ՆՈՒ­ՇԵԱՆ.- Տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է որ­պէս­զի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը սկիզբ առ­նէ։ Ա­ռանց տե­ղա­պա­հի մը գո­յու­թեան այդ ըն­թա­ցա­կար­գը չի կրնար սկսիլ։ Մենք հանգստեան կո­չե­ցինք մեր պատ­րիար­քը եւ նոր գա­հա­կա­լի ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու հա­մար պէտք է ընտ­րենք տե­ղա­պահ մը։ Ա­ռանց փո­խա­նոր­դի մը պէտք է ձեռ­նար­կենք տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան։ Մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ պի­տի ընտ­րուի տե­ղա­պա­հը։ Ես հա­մո­զուած եմ, որ ա­նոնք ա­չալր­ջու­թեամբ եւ ա­ռողջ դա­տո­ղու­թեամբ ընտ­րու­թիւն մը պի­տի կա­տա­րեն։ Մեր Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը յայ­տնի է եւ նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ փրո­թո­քոլ­նե­րու կա­րի­քը չու­նինք։ Հա­մո­զուած եմ, որ այս ուղ­ղու­թեամբ եւս մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը պի­տի յար­գենք։

Տ. ԶԱ­ՔԷՈՍ Ծ. ՎՐԴ. Օ­ՀԱ­ՆԵԱՆ.- Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի հետ շի­նիչ ժո­ղով­նե­րէ վերջ մեր սրբա­զան հայ­րե­րը հաշտ եւ խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու տակ աշ­խա­տե­լու հա­մար հա­մա­ձայ­նե­ցան։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թեամբ յայ­տա­րա­րուե­ցաւ տե­ղա­պա­հի մը ընտ­րու­թեան մա­սին եւ այդ ընտ­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 15 Մար­տին։ Ա­ւե­լի վերջ պի­տի կազմուի նա­խա­ձեռ­նարկ մար­մին մը ու վեց ա­միս վերջ ալ նա­խա­տե­սուած է նոր ազ­գըն­տիր պատ­րիար­քի մը գահ բարձ­րա­նա­լը։ Սա թէեւ քիչ մը յա­պա­ղած, սա­կայն տե­ղին զար­գա­ցում մըն է։ Մեր ցան­կու­թիւ­նը այն է, որ այս բո­լո­րը կա­յա­նան խա­ղա­ղու­թեան, հաշ­տու­թեան ու միաս­նա­կա­նու­թեան մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Տ. Ե­ՂԻ­ՇԷ ՎՐԴ. ՈՒՉ­ՔՈՒ­ՆԵԱՆ.- Ինչ­պէս յայտ­նի է մեր շատ սի­րե­լի եւ յար­գար­ժան պոլ­սա­հայ հա­մայն­քին, յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մար-ժո­ղո­վը պի­տի ընտ­րէ տե­ղա­պահ մը։ Սա պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան շե­մին պի­տի ապ­րուի եւ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թե­նէն վերջ այդ գոր­ծըն­թա­ցը ա­ւե­լի պի­տի աշ­խու­ժա­նայ։ Այս ժո­ղո­վը մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ մեր ար­դի տա­րեգ­րու­թեանց եւ ընդ­հան­րա­պէս մեր ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան պատ­մու­թեան մէջ։ Ես՝ իբ­րեւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ, տե­ղա­պա­հի թեկ­նա­ծու մեր ե­րեք սրբա­զան­նե­րուն նկատ­մամբ կը տա­ծեմ հա­ւա­սար սէր ու յար­գանք։ Կ՚ա­ղօ­թեմ, որ Տէր Աս­տուած բա­րին կա­տա­րէ եւ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի ու­նե­նան հա­մե­րաշ­խու­թեամբ, սի­րով ու յար­գան­քի սահ­ման­նե­րուն մէջ։

Տ. ԶԱ­ՏԻԿ ՎՐԴ. ՊԱ­ՊԻ­ԿԵԱՆ.- Ես հա­մո­զուած եմ, թէ ինչ որ պի­տի ըլ­լայ, պէտք է Տի­րոջ կամ­քով ըլ­լայ. ու­րի­շին կամ­քով պէտք չէ ըլ­լայ։ Ա­մէն ինչ պէտք է ըն­թա­նայ խա­ղա­ղու­թեամբ եւ պէտք չէ ապ­րուին ա­նա­խոր­ժու­թիւն­ներ։ Աս­տուած թող ան­սա­սան պա­հէ մեր Պատ­րիար­քա­կան Սուրբ Ա­թո­ռը։

Տ. ՇՆՈՐՀՔ Ա­ԲԵ­ՂԱՅ ՏՕ­ՆԻ­ԿԵԱՆ.- Մեր դա­րա­ւոր Պատ­րիար­քու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան  Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ չորս նուի­րա­պե­տա­կան ա­թոռ­նե­րէն մին է։ Ես նախ եւ ա­ռաջ ան­սա­սա­նու­թիւն կը մաղ­թեմ մեր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին հա­մար։ Հիմ­նա­կան ակն­կա­լու­թիւնս այն է, որ ար­ժա­նա­ւոր տե­ղա­պահ մը ընտ­րուի եւ ան ըստ պատ­շա­ճի թող մեր հա­մայն­քը ա­ռաջ­նոր­դէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց ար­դիւն­քով մեր Ա­թո­ռը պի­տի ու­նե­նայ նոր գա­հա­կալ մը։

Տ. ՄԱ­ՂԱ­ՔԻԱ Ա­ԲԵ­ՂԱՅ ՊԵՍ­ՔԻ­ՍԻ­ԶԵԱՆ.- Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը հիմ­նադ­րու­թե­նէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը գոր­ծած է մեր Տի­րոջ Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի խնամ­քին տակ։ Այս օ­րե­րուն եւս մեր պատ­մա­կան Ա­թո­ռին հա­մար կը հայ­ցենք Տէր Յի­սու­սի օգ­նու­թիւ­նը՝ որ­պէս­զի մե­զ սի­րոյ ու միու­թեան մէջ պա­հէ եւ պահ­պա­նէ։ Տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան ըն­դա­ռաջ մեր մե­ծե­րը՝ մեր սրբա­զան հայ­րե­րը մեր բո­լո­րին մօտ ու­նին հա­մա­հա­ւա­սար դիրք մը։ Ես կը մաղ­թեմ, թէ ո­րը որ բա­րին է մեր պոլ­սա­հա­յու­թեան տե­սա­կէ­տէ՝ թող ան ստանձ­նէ այս դժուա­րին պաշ­տօ­նը։ Մեր հա­մայն­քը հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան մէջ եւ Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի հո­վա­նիին տակ գտնուե­լու գի­տակ­ցու­թեամբ պէտք է ըն­թա­նայ եւ տե­ղա­պահն ալ այս­պի­սի մթնո­լոր­տի մը մէջ պէտք է ընտ­րը-ւի։ Մեր ազ­գը թող ապ­րի յա­ւերժ։

Տ. ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ Ա­ԲԵ­ՂԱՅ ՏԱ­ՄԱ­ՏԵԱՆ.- Որպէս նորապսակ հոգեւորական՝ ցաւ կը զգամ, երբ Պոլսոյ դարաւոր Աթոռը կը ցնցուի ներկայ օրակարգով։ Եկեղեցականներ միշտ կարիքը ունեցած են ու պիտի ունենան առաջնորդող մղիչ զօրութեան, որ կը գտնուի Ս. Եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցւոյ ծառայելու կոչումին գիտակից իւրաքանչիւր հոգեւոր սպասաւոր ունի մխիթարութեան կարիքը։ Ես այս մէկը կը գտնեմ նախ Աստուծոյ մօտ։ Համոզուած եմ, թէ Քրիստոս տէրն է իր եկեղեցիին։ Նոյնիսկ դժուարին պայմաններուն եկեղեցին կ՚առաջնորդուի Ս. Հոգիի ներգործութեամբ։ Յոյսը կը գտնեմ Սաղմոսի խօսքերուն մէջ. «Տէրն է հովիւս, ուստի ոեւէ բանի կարօտ պիտի չմնամ…Կը վերանորոգէ զիս եւ ուղիղ ճամբաներէ կ՚առաջնորդէ, որպէսզի Իր անունը փառաւորուի» (Սղմ. ԻԲ. 1,3)։

Ներկայ դարուն մեր եկեղեցին արդէն իսկ կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ։ Եկեղեցին կը պայքարի, մասնաւորպաէս Հայ Եկեղեցւոյ զաւակները խլող քարոզխօսութիւններու դէմ։ Այդ պայքարը արդիւնաբեր կ՚ըլլայ նման ցնցումներէն հեռու հոգեվիճակով։

Եկեղեցին ունի իր սրբազան աւանդութիւնը։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւս ունի իր աւանդութիւնը եւ կանոնները, որոնց տէր կը կանգնի ժողովուրդը։ Եկեղեցի կը նշանակէ՝ «հաւատացեալներու միութիւն»։ Ուստի, ինչպէս նախապէս փորձառու հոգեւորականներէ լսած ենք, եկեղեցին, ժողովուրդի ծառայելու ուղղութեամբ Աստուծոյ ծառայելու ճամբան է։ Իսկ, այս միութեան ամրութիւնը հաստատուած է Աստուծոյ խօսքին, սուրբ աւանդութիւններու եւ եկեղեցական օրէնքներու ու կանոններու պահպանութեան վրայ։

Անձնապէս մխիթարուած եմ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հայրական հովանին տեսնելով։ Եկեղեցւոյ օրէնքներու եւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի աւանդութեանց եւ կանոններու պահպանութեան անհրաժեշտութիւնը, տարբեր առիթներով օրակարգի վրայ եկած են։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի խօսքով, Աթոռոյս բարձրաստիճան հոգեւորականներու անձերուն մէջ, այս մէկը թելադրուած է նաեւ Պոլսոյ Աթոռոյ իւրաքանչիւր հոգեւոր սպասաւորին։ Ուստի, խոնարհաբար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Նորին Սրբութեան։

Ձեռնադրութեան երիցութեամբ տակաւին կրտսեր եմ ու ինծի կը մնայ աղօթել Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյս հաստատութեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի անսասանութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ անդամ բոլոր եղբայրներու եւ քոյրերու հոգեւոր շինութեան համար։ Ինչպէս Մեծ պահոց շրջանին քանիցս կը կրկնենք. «Տէ՛ր ուղղեա՛ զգնացս մեր ի ճանապարհս խաղաղութեան. Տէ՛ր, ուղղեա՛ եւ առաջնորդեա՛ հոգւոց մերոց եւ ամենայն հաւատացելոց գնալ յարդարութեան ճանապարհն եւ ի կեանսն յաւիտենից»:

Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՉՈՒԼՃԵԱՆ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՄԱԿՈՒԱԾ

Տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ պատ­րիար­քա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րէն Գու­գա­րաց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեան ար­տա­յայ­տեց լա­ւա­տես մօ­տե­ցում­ներ եւ յոյս յայտ­նեց ող­ջա­խո­հու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ Գու­գա­րաց Թե­մի աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ թո­ղար­կե­ցին Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեա­նի հետ կա­տա­րուած հար­ցազ­րոյց մը։ Թէեւ յայտ­նի չէ, որ այդ հար­ցազ­րոյ­ցը ո­րո՛ւ կող­մէ կա­տա­րուած է եւ ո՛ր լրա­տուա­մի­ջո­ցին տրուած է, սա­կայն կ՚անդ­րա­դառ­նանք ա­նոր բո­վան­դա­կած պատ­գամ­նե­րուն։

«Վեր­ջին օ­րե­րուն պոլ­սա­հայ հա­մայն­քին մէջ ա՛լ ա­ւե­լի բոր­բո­քուած եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ո­րոշ լուծ­ման հա­սած վի­ճա­կը՝ կա­պուած պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հետ, լա­ւա­տե­սու­թեան եւ ող­ջա­խո­հու­թեան յոյս ստեղ­ծած է։ Ի սկզբա­նէ մեզ­մէ շա­տե­րուն յայտ­նի էր այն մտա­հո­գու­թիւ­նը, թէ հա­մայն­քի ներ­քին ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներն ու տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը լուրջ խո­չըն­դոտ դար­ձած էին պատ­րիար­քի ընտ­րու­թեան խնդի­րը գործ­նա­կան լուծ­ման ա­ռաջ­նոր­դե­լու ճա­նա­պար­հին։ Սա­կայն այ­սօր ար­դէն կը նկա­տուին հան­դուր­ժո­ղու­թեան եւ փո­խա­դարձ ըն­կալ­ման ծի­լեր, ո­րոնք պէտք է տա­նին դէ­պի թնճու­կի լու­ծում։ Այս տե­սան­կիւ­նէն նախ եւ ա­ռաջ կը կա­րե­ւո­րեմ տե­ղա­պա­հի յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւ­նը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­լու ի­րա­ւունք ու­նին Ա­թո­ռը ներ­կա­յաց­նող իմ հո­գե­ւոր ե­րեք եղ­բայր­նե­րը», յայտ­նած է Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեան հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ։ Բաց աս­տի, նո­րին սրբազ­նու­թիւ­նը ու­րա­խու­թեամբ կը նկա­տէ, որ դրա­կան մթնո­լորտ մը տե­սա­նե­լի է Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի բնա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րուն եւ հա­մայն բա­րե­պաշտ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հա­մար։ «Պայ­քա­րը պէտք է ուղ­ղուի ոչ թէ ան­ձե­րու յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րու բա­ւա­րար­ման, այլ ե­կե­ղե­ցա­կան եւ հա­մայն­քա­յին խնդիր­նե­րու լուծ­ման։ Վստահ եմ, որ հո­գե­ւոր կամ աշ­խար­հա­կան մեր եղ­բայր­ներն ու քոյ­րե­րը ա­մէն ինչ պի­տի ը­նեն, որ­պէս­զի տե­ղա­պահ սրբա­զա­նը սի­րոյ եւ փո­խա­դարձ յար­գան­քի մթնո­լոր­տի մէջ կազ­մա­կեր­պէ ընտ­րու­թիւն­նե­րը», մատ­նան­շած է ան։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեան նշած է, որ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան պա­րա­գա­յին կը պաշտ­պա­նէ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017