ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «Նոյ» Թաղամաս

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեանն ա­ռըն­թեր Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան պե­տա­կան կո­մի­տէին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է խորհր­դակ­ցու­թիւն մը՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ «Նոյ» ազ­գագ­րա­կան թա­ղա­մա­սի ներդ­րու­մա­յին ծրա­գ­­րով նա­խա­տե­սուած տա­րած­քի կա­ռու­ցա­պատ­ման յա­տա­կագ­ծե­րու մշակ­ման վե­րա­բե­րեալ։ Այս խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը վա­րած է Կո­մի­տէի նա­խա­գահ Նա­րեկ Սարգ­սեա­ն:

Ըստ Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան պե­տա­կան կո­մի­տէի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թեան, խորհր­դակ­ցու­թեա­ն մաս­նակ­ցած են Հա­յաս­տա­նի Ճար­տա­րա­պե­տու­թեան եւ շի­նա­րա­րու­թեան ազ­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նի ճար­տա­րա­պե­տու­թեան բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն Սար­գիս Թով­մա­սեա­ն, ամ­պիո­նի վա­րիչ Փրոֆ. Կա­րէն Ռա­շի­տեան­ց, Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան ամ­­պիո­նի տե­սուչ Ա­շոտ Կա­նա­յեա­ն եւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռըն­թեր  Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան պե­տա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­տա­ւազդ Թար­խա­նեա­ն:

Հա­յաս­տա­նի Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան պե­տա­կան կո­մի­տէին կող­մէ մշա­կուած ծրա­գ­­րով՝ Դալ­մա­յի այ­գի­նե­րուն յա­րող տա­րած­քին մէջ կը նա­խա­տե­սուի ստեղ­ծել Հա­յաս­տա­նի տար­բեր տա­րա­ծքաշր­ջան­նե­րու քա­ղա­քա­յին եւ գիւ­ղա­կան բնա­կա­վայ­րե­րու ազ­գա­յին ա­ւան­դոյթ­նե­րուն ու պատ­մա­կա­նօ­րէն ձե­ւա­ւո­րուած ճար­տա­րա­պե­տա­կան դի­մա­գծին բնո­րոշ ազ­գագ­րա­կան թա­ղա­մաս՝ բնա­կե­լի տու­նե­րով, հիւ­րա­նոց­նե­րով՝ հիւ­րա­տու­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ նկար­չու­թիւնն ու ազ­գա­յին ար­հեստ­նե­րը՝ գոր­գա­գոր­ծու­թիւն, դարբ­նա­գոր­ծու­թիւն, կա­ւա­գոր­ծու­թիւն, յու­շա­նուէր­նե­րու պատ­րաս­տում եւ այլն, ներ­կա­յաց­նող ցու­ցաս­րահ­նե­րով:

Ծրա­գրին նա­խոր­դած են Կո­մի­տէի ու Հա­յաս­տա­նի Ճար­տա­րա­պե­տու­թեան եւ շի­նա­րա­րու­թեան ազ­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նի մաս­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ կա­տա­րուած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը՝ Հա­յաս­տա­նի տար­բեր բնա­կա­վայ­րե­րուն (Գո­րիս, Դի­լի­ջան, Աշ­տա­րակ եւ այլն) բնո­րոշ «հայ­կա­կան տան» օ­րի­նակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ։ Ի դէպ, նա­խա­տե­սուող տա­րած­քի կա­ռու­ցա­պատ­ման նա­խագ­ծա­յին լու­ծում­նե­րը մշա­կուած են հա­մալ­սա­րա­նի մաս­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ՝ ու­սա­նող­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ: Ազ­գագ­րա­կան թա­ղա­մա­սի նա­խագ­ծա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րու մշակ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը նոյն­պէս պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին հա­մալ­սա­րա­նի ու­ժե­րով:

Ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը պի­տի նպաս­տէ տա­րա­ծքաշր­ջա­նին մէջ մշա­կու­թա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան հե­տա­գայ զար­գա­ցու­մին ու երկ­րի ճա­նա­չե­լիու­թեան բարձ­րա­ցու­մին:

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017