ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ԱԶԴԱԿՆԵՐ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան «Արմէնփրէս»ին հարցազրոյց մը տուաւ՝ Իսրայէլի մէջ եկեղեցապատկան կալուածներու մասին օրէնքի նախագծի եւ եկեղեցիներէն, վանքերէն տուրքեր գանձելու մասին քաղաքապետարանի որոշման բերումով ծագած խնդիրներուն շուրջ։ Ըստ իրեն, այդ խնդիրներու լուծման համար ստեղծուած է յանձնաժողով մը, որու հետ պիտի աշխատին նաեւ քրիստոնէական հոգեւոր հաստատութիւններու ներկայացուցիչները։ Անդրադառնալով վերջին շրջանին Սուրբ Քաղաքէ ներս ստեղծուած իրավիճակին՝ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան ըսաւ. «Իսրայէլի մէջ եկեղեցապատկան կալուածներու իրաւունքները կը պատկանին եկեղեցւոյ»։

Թէ ի՞նչ փուլի մէջ են վերջին զարգացումները եւ ծագած խնդիրը ի՞նչ լուծում ստացած է։ Ի պատասխան՝ դիւանապետ հայր սուրբը ըսած է հետեւեալը. «Փետրուարի վերջին իրաւատէր երեք հոգեւոր պետերը որոշեցին Սուրբ Յարութեան տաճարի դուռը բանալ, որովհետեւ որոշման նախորդ օրը Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակէն տարածուեցաւ յայտարարութիւն։ Սա կը վերաբերի թէ՛ քաղաքապետարանի որոշման, որով եկեղեցիներէն, վանքերէն տուրքեր պէտք է գանձուէին եւ թէ Քնեսեթէ ներս շրջանառութեան դրուած նախագծին՝ ըստ որու, եթէ եկեղեցապատկան որեւէ կալուած անհատ ընկերութեան վարձու տրուէր, ապա պետութեան իրաւունք կը վերապահուէր այդ կալուածը բռնագրաւելու՝ փոխհատուցում վճարելով եկեղեցւոյ։ Համաձայն վարչապետի գրասենեակէն ստացուած յայտարարութեան՝ այս երկուքը՝ օրինագիծն ու քաղաքապետարանի որոշումը առկախուած են։ Վարչապետի կողմէ նշանակուեցաւ յանձնաժողով մը, որու մէջ կան ներկայացուցիչներ քաղաքապետարանէն, ելմտական, ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններէն։ Բաց աստի, բոլոր քրիստոնէական հոգեւոր հաստատութիւններու կողմէ պէտք է ըլլան ներկայացուցիչներ բանակցութիւններ վարելու, այդ երկու հարցերու հետ կապուած ընդհանուր որոշման գալու համար»։

Այս վերջին խնդիրները չեն յառաջացած մէկ օրէն միւսը։ Երուսաղէմի մէջ վաղուց գոյութիւն ունին եկեղեցապատկան հողերու վերաբերեալ հարցեր։ Ընդհանուր առմամբ որքա՞ն ժամանակէ ի վեր կը խմորուէին այս փուլի խնդիրները։ Դիւանապետ հայր սուրբը այս առընչութեամբ ըսած է հետեւեալը. «Կարելի է ըսել, որ Երուսաղէմի մէջ կալուածի վերաբերեալ օրինագիծը արդէն տարիէ մը ի վեր կ՚անցնէր նախապատրաստական փուլէ։ Պատճառը հետեւեալն է. 2010 թուականէն սկսեալ յունաց պատրիարքարանը համաձայնագիր ստորագրած էր պետութեան կողմէ ճանչցուած որեւէ ընկերութեան հետ։ Այն ընկերութիւնը, որ 99 տարուան ժամկէտով կը վարձակալէր որեւէ եկեղեցապատկան տարածք, յառաջիկայ փուլերէն մէկուն մէջ կը հրաժարէր իր այդ իրաւունքէն եւ պատրաստ էր իր վարձակալութեան իրաւունքը վաճառելու երրորդ կողմի։ Փաստօրէն, յունաց պատրիարքը 2010 թուականէն սկսեալ համաձայն էր, որ այդ երրորդ կողմը կրնար ըլլալ որեւէ մասնաւոր ընկերութիւն։ Եւ այդ թուականէն սկսեալ բաւական կալուածներու վարձակալութեան իրաւունքը այդ ձեւով փոխանցուած էր մասնաւոր կազմակերպութիւններու։ Այս պատճառով այդ օրինագիծը սկսաւ շրջանառուիլ»։

Բացի այս շարժառիթէն, Իսրայէլի մէջ ինչպիսի՞ քաղաքականութիւն մը որդեգրուած է եկեղեցապատկան հողատարածքներու պարագային։ Ըստ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանի, եկեղեցապատկան կալուածներու իրաւունքները կը պատկանին եկեղեցւոյ, անոնք յստակ արձանագրուած են։ Այդ կալուածները կը ծառայեն որպէս եկամուտի աղբիւր՝ տուեալ եկեղեցւոյ գոյատեւման, առաքելութեան իրականացման համար։ Եղած են դէպքեր, երբ պետութիւնը եկեղեցապատկան կալուածները հռչակած էր «կանաչ գօտի» կամ հանրային այգի։ Երբ եկեղեցւոյ պատկանող կալուածը կը հռչակուի «կանաչ գօտի», այդտեղ եկեղեցին ոչինչ կրնայ իրականացնել։ Պետութիւնն ալ ոչինչ կրնայ իրականացնել՝ առանց տուեալ եկեղեցւոյ համաձայնութեան։ «Նման դէպքեր կան։ Անշուշտ սա մեծ վնաս կը հասցնէ եկեղեցւոյ, որովհետեւ այսօր այդ կալւածներուն վերաբերեալ որեւէ ծրագիր, որեւէ նախագիծ իրականացնել հնարաւոր չէ։ Իսկ մենք գիտենք՝ որքան շատ ծրագրեր, նախագծեր ըլլան, այդքան շատ եկամուտներ կ՚ապահովուին եկեղեցական հաստատութեան համար։ Իսկ եկամուտի պարագային առաքելութիւնը աւելի արդիւնաւէտ կարելի է իրականացնել», նշած է դիւանապետ հայր սուրբը։

Զրոյցի տեւողութեան ան յիշեցուցած է, որ եկեղեցիները, վանքերը դարեր շարունակ զերծ եղած են տուրք վճարելէ։ «Մենք երբեք չենք համաձայնիր, որ եկեղեցիներու եւ վանքերու համար տուրքեր սահմանուին։ Սա չի կրնար միջոց մը համարուիլ քաղաքապետարանի պիւտճէի բացը լրացնելու համար։ Պէտք է ուրիշ միջոց մը գտնուի։ Քաղաքապետը դիմած էր ելմտական նախարարին, երբ մերժուեցաւ, աւելի վերջ այս քայլին ձեռնարկեց։ Ամէն պարագայի, երբ այնտեղ կ՚ըսուի պարտք, մենք այդ մէկը պարտք չենք համարեր, որովհետեւ դարեր շարունակ մենք ազատ եղած ենք տուրքերէ։ Մեզի համար անընդունելի է նման պարտք մը։ Այն բոլոր եկեղեցապատկան կալուածները, որոնք տրուած են վարձակալութեան, այնտեղէն կը վճարուին տուրքեր։ Մենք դէմ ենք, որ տուրքեր սահմանուին, եկեղեցիներու, վանքերու համար, իսկ անոնցմէ դուրս բոլոր շահութաբեր կալուածներու համար քրիստոնէական հաստատութիւնները արդէն կը վճարեն վարձքեր», նշած է դիւանապետ հայր սուրբը։

Հարցազրոյցի ընթացքին Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան պատասխանած է նաեւ այն հարցին, թէ այս բոլորը, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմի Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցուիլը ինչպէ՞ս կ՚ազդեն զբօսաշրջիկներու հոսքին վրայ։ «Անշուշտ, ԱՄՆ-ի նախագահի յայտարարութենէն, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ դրան փակումէն վերջ ուխտաւորներու, զբօսաշրջիկներու թիւին մէջ անկում կը նկատուի։ Քանի որ ԱՄՆ-ի նախագահի յայտարարութենէն յետոյ եղան բռնութիւններ, կարծես հակամարտութիւնը վերստին բռնկեցաւ, շատեր ջնջեցին իրենց այցելութիւնը։ Նոյնն ալ եղաւ Ս. Յարութեան տաճարի դրան փակուելէն յետոյ։ Երբ ուխտաւորը կու գայ Սուրբ Երկիր, առաջին այցելած վայրը Սուրբ Յարութեան տաճարն է։ Եւ եթէ ուխտաւորը կը մտածէ, որ պէտք է հասնի Երուսաղէմ ու չտեսնէ երկու կարեւոր սրբավայրերը, կը մտածէ այդ պահուն այցելութիւնը ջնջելու մասին», ըսաւ ան։

Բաց աստի, դիւանապետ հայր սուրբը մատնանշած է, որ Երուսաղէմի մէջ հայերը ըստ էութեան սպասարկման ոլորտի մէջ աշխատանք կը տանին։ Զբօսաշրջիկներու թիւի կրճատումը, բնականաբար, ազդեցութիւն կը թողու տեղւոյն բնակիչներուն, ներառեալ հայոց վրայ։ «Սակայն տեղւոյն բնակիչները կարծես սովոր են, որովհետեւ այստեղ երկարատեւ հանգիստ իրավիճակ չ՚ըլլար։ Անընդհատ բան մը, դէպք մը, գործողութիւն մը կ՚ըլլայ, եւ բացասական ազդեցութիւն կը գործէ սպասարկման ոլորտին վրայ։ Որոշ ժամանակ յետոյ իրավիճակը կը վերականգնուի։ Յայտնեմ, որ միայն Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ կ՚ապրի 3 հազար հայ։ Ընդհանուր առմամբ, Սուրբ Երկրի մէջ, թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ Պաղեստինի հատուածները, կ՚ապրի շուրջ 8 հազար հայ։ Մեր բոլոր ծրագրերը, ձեռնարկները կ՚իրականացնենք միացեալ յանձնախումբի մը միջոցաւ։ Այնտեղ ներկայացուած են բոլոր միութիւնները։ Աշխոյժ համագործակցութիւն կայ», եզրափակած է դիւանապետ հայր սուրբը։

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018