ԹՈՒՐՔ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐԸ ՁԵՌՔ ԱՆՑՈՒՑԻՆ ՃԻՆՏԵՐԵՍԻ ՀԱԿԱԿՇԻՌԸ

Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեղեկացուց, որ ցարդ չէզոքացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 3149-ի։ Ան հերթական անգամ բողոք յայտնեց նաեւ տարածքաշրջանէ ներս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ որդեգրուած ընթացքին շուրջ։ «Քսան հատ խարիսխ հիմնած ես հիւսիսային Սուրիոյ մէջ։ Ի՞նչ գործ ունիս», ըսաւ նախագահ Էրտողան։

Բանակը երէկուան դրութեամբ Աֆրինի մերձակայքի Ճինտերես շրջանը անցուց հակակշռի տակ։ Այդ գործողութիւնները իրականացուեցան Ազատ Սուրիոյ բանակին հետ։ Կարգ մը թաղերէ ներս կը շարունակուին ահաբեկիչներու հետ բախումները։ Ընդհանուր առմամբ, Ճինտերեսի մէջ խուզարկման լայնածաւալ աշխատանքներ կը ծաւալուին զինեալ ուժերուն կողմէ։

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ յայտնեց, որ Աֆրինի ուղղեալ գործողութիւնները մինչեւ Մայիս պիտի հասնին իրենց աւարտին։ Ըստ նախարարին, Իրաքի ղեկավարութեան հետ Թուրք զինեալ ուժերը սահմանէ անդին գործողութիւններ պիտի կատարեն նաեւ ՓՔՔ-ի դէմ։

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018