ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ՝ «ԱՐՍԵՆԱԼ»Ի ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԽԱՂԱՑՈՂ

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան Անգլիոյ մէջ հետզհետէ աչքառու յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ նաեւ «Արսենալ»ի մարզաշապիկով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հենրիխ Մխիթարեան վերջերս դարձաւ «Արսենալ»ի Փետրուար ամսուան լաւագոյն խաղացողը։ Լոնտոնեան ակումբի պաշտօնական կայքը արդէն հաղորդումներ կատարած է այս մասին։

Հենրիխ Մխիթարեան Փետրուար ամսուան ընթացքին կատարած է վեց կոլային փոխանցում։ Այդ փոխանցումներէն երեքը կատարուած են Փրէօմիէր լիկի մէջ, իսկ միւս երեքը՝ Եւրոպայի լիկի մէջ։

Ընդհանրապէս «Արսենալ» այս շրջանին շատ նախանձելի վիճակի մը մէջ չէ, սակայն հակառակ այդ հանգամանքին Հենրիխ Մխիթարեան յաջողած է գրաւել ուշադրութիւն։

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018