ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Եւրոմիութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Պրիւքսելի մէջ Փաշինեան կ՚ընդունուի Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, ԵՄ-ի արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի կողմէ։

Այցելութեան ծիրէն ներս Նիկոլ Փաշինեան տեսակցութիւն մըն ալ կ՚ունենայ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) նախագահ Տոնալտ Թուսքի հետ։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2020