ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ… ՔԻԵՒԷՆ ԱՆԴԻՆ
Ուքրայնայի մէջ սկիզբ առած պատերազմի հերթական օրը կը բացուի որոշակի յոյսերով։ Խօսքը դարձեալ «մարդասիրական» հրադադար մը հաստատելու մասին է՝ տրուած ըլլալով, որ Ուքրայնայի կարգ մը կարեւոր քաղաքներուն մէջ ստեղծուած է բարդ դրութիւն մը, որուն հետ հակամարտ կողմերը պարտաւոր են հաշուի նստիլ ու առնուազն որոշ ժամանակի մը համար դադար տալ ռազմական գործողութիւններուն։
Մոսկուայի բանբերները կը շարունակեն յառաջ քշել պատերազմը դադրեցնելու վերաբերեալ իրենց յստակ նախապայմանները։ Կարծես թէ անոնք չեն ընդդիմանար հրադադար յայտարարելու գաղափարին դէմ։ Այստեղ նաեւ մէջտեղ կու գայ «նախամեծար»ութեան հարցը, որու ծալքերը յառաջացան՝ մասնաւորապէս «միջանցքներու պատերազմ» կոչուած եզրոյթին մէջ։ Խօսքը մասնաւորապէս դէպի Ռուսաստան եւ Սպիտակ Ռուսիա բացուելիք «մարդասիրական» ճանապարհներուն մասին է։ Անոնք պիտի բացուին միայն Ռուսաստանի նախապայմաններով եւ անոնց պարագային Քիեւ ունի լուրջ վերապահութիւններ։ Այստեղ հարկ է յիշեցնել «մարդասիրական» անցքերու մասին խօսուածները։ Մասնաւորապէս Քիեւէն եւ Խարքովէն անցքեր պիտի բացուէին եւ այն քաղաքացիները, որոնք կը փափաքէին դուրս գալ երկրէն, պիտի անցնէին դէպի Ռուսաստան եւ Սպիտակ Ռուսիա։ Սակայն այդ անցքեր բանալու խնդիրը դարձեալ ջուրը կ՚իյնար՝ պարզապէս այն պատճառով, որ ըստ Քիեւի, Ռուսաստան չէր յարգեր իրենց կողմէ ներկայացուած նախապայմանները։
Անշուշտ, այս բոլորի լոյսին տակ պարզ կը դառնար նաեւ, որ ուքրանացի փախստականներու նիւթը օր ըստ օրէ կը շարունակէ ծաւալիլ։ Լեհաստան անցած ուքրանացի եւ ոչ-ուքրանացի փախստականներուն թիւը արդէն հատած է մէկ միլիոնի սահման։ Սա ինքնին բաւական մեծ թիւ է եւ երկար ժամանակի վրայ պիտի դառնայ Եւրոպայի համար մտահոգութիւն։ Ի վերջոյ ո՞վ պիտի հոգայ անոնց ծախսերը, ո՞վ պիտի հասնի անոնց օժանդակութեան, ի՞նչ պայմաններու մէջ պիտի ապրին փախստականները։ Ըստ BBC-ի, յառաջիկայ օրերուն Եւրոմիութիւնը գործադրութեան պիտի դնէ Ուքրայնայի փախստականներուն օգնութիւն հասցնելու ուղղեալ իր ամբողջական ծրագիրը։
Մինչ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին եւ գետնի վրայ ժամ առ ժամ երեւելի կը սկսի դառնալ Ռուսաստանի բանակի առաւելութիւնը, Ուքրայնա յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մը մէջ եւ Արեւմուտքէն կը շարունակէ կործանիչ ռազմաօդանաւեր խնդրել։ Այս սպասումին ուշագրաւ պատասխան մը տուաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, որու խօսքով՝ իրենք պատրաստ են Ուքրայնայի փափաքը կատարել եւ անոր բանակին տրամադրել Լեհաստանի մէջ գտնուող՝ ռուսական «Միկ» տիպի կործանիչներ։ Անշուշտ, այս յայտարարութեան մէջ միայն ճարպիկութիւն, ձեռնածութիւն՝ մանիփիւլաթիւ մօտեցում չկայ, այլեւ կայ՝ յատկապէս ամերիկեան «հեռատեսութիւն», նաեւ արդիական կործանիչներ չտրամադրելու մասին որոշում։ Այստեղ նպատակն է հեռու պահել այս պատերազմը ՆԱԹՕ-Ռուսաստան ուղղակի ընդհարումէ մը, որ կրնայ կործանիչ ըլլալ բոլոր կողմերուն համար։ Այս կէտին վրայ հարկ է նաեւ յիշեցնել մասնաւորապէս՝ այս նիւթին վերաբերեալ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի վերջին օրերու յայտարարութիւնը, որով ան զգուշացուց Ուքրայնայի հարեւան երկիրները, որոնք տարածք չտրամադրեն Ուքրայնայի բանակի ռազմաօդանաւերուն եւ այդ երկիրներու օդակայանները կամուրջ չդառնան Ուքրայնայի համար, նոր բարդութիւններ չյառաջացնեն ռուսական զօրքերուն։ Ռուսաստանի բանակին առաջին գործը եղած էր Ուքրայնայի օդը «փակել»ու առաջադրանքը կատարել։ Այսօր ան կը շարունակէ ցամաքէն դանդաղ ու հաստատ քայլերով յառաջանալ՝ վստահ ըլլալով, թէ օդային որեւէ տեսակի սպառնալիքի դէմ յանդիման չէ։ Ի դէպ, Փութինի այդ յայտարարութենէն վերջ, Լեհաստան արագօրէն արձագանգեց՝ տեղեկացնելով, որ ինք որեւէ ձեւով տեղ պիտի չտայ Ուքրայնայի կործանիչներուն։ Այսպէսով, անգամ մըն ալ փարատեցան ՆԱԹՕ-Ռուսաստան ընդհարումի մը մասին առկայ բոլոր մակարդակի մտավախութիւնները։
Միւս կողմէ, ռազմական առումով յայտարարութիւններուն կողքին, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս եկած է շատ կարեւոր հրապարակումով մը, որ կը վերաբերի Ուքրայնայի տարածքի աւելի քան 30 կենսաբանական տարրալուծարաններու ոչնչացման։ Ի դէպ, այս նիւթը նոր չէ եւ ռուսական լրատուական մէկէ աւելի հարթակներ զանազան առիթներով ալ խօսած են այդ տարրալուծարաններուն մասին, որոնք, ըստ այդ աղբիւրներուն, բաւական վտանգաւոր գործունէութիւն կը ծաւալեն։
Ռազմական գետնի իրադարձութիւնները բաւական բարդ դրութեան մատնած են Ուքրայնայի մի քանի կարեւոր քաղաքներ, որոնց կարեւորագոյնը Խարքովն է, որ կարծես իր վերջին «շունչը կը փչէ» եւ պիտի անցնի ռուսական բանակի տիրապետութեան տակ։ Բաց աստի, ռուսաց բանակը կը զօրացնէ իր ներկայութիւնը Զապարոժիա քաղաքին մէջ, որ կը համարուի Տոնպասի Լուկանսք եւ Տոնեցք շրջաններու բնական թիկունքը։ Ռազմական առումով ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած է փորձագէտ Քամալ Ճաֆա, ըստ որու, պատերազմի ներկայ փուլին Ուքրայնայի բանակը մատնուած է բաւական բարդ կացութեան՝ հակառակ անոր, որ նախագահ Զելենսքի խօսած է հակայարձակողական քայլերու մասին։ Ան նշած է, որ այսօր Ուքրայնայի մէջ կանոնական բանակը շատ թուլացած է եւ գետնի վրայ գործողութիւններ կատարելու ներուժ ունին ոչ-կանոնաւոր բանակի ջոկատներ, որոնք ընդունակ են թաղային-փարթիզանական մարտեր յառաջ տանելու։ Սա կը նշանակէ, թէ արդէն կը սկսի բաւական նոր փուլ մը, որուն մէջ կրնան երեւելի դառնալ կարեւոր անակնկալներ եւ այդ անակնկալները կրնան որոշակիօրէն «ցաւ» պատճառել Ռուսաստանի կանոնական բանակին՝ հաշուի առնելով նաեւ, որ Ուքրայնայի ոչ-կանոնական ուժերը ծանօթ են գետնին, ունին «մահապարտ»ի հոգեբանութիւն եւ պատրաստ են ամէն տեսակ զոհողութեան։
Այս առումով ալ յառաջիկայ օրերը աւելի քան կարեւոր պիտի ըլլան՝ հաշուի առնելով նաեւ, որ Ուքրայնայի այս պատերազմը արդէն ցոյց տուաւ, թէ մեծ մակարդակով երեւելի հզօրութեամբ ռուսական բանակին համար այդքան դիւրին չէ արագ գործողութիւններու հիմքով իր նպատակներուն հասնիլը։
Նոյնպէս ռազմական առումով կարեւորագոյն իրադարձութիւններու կը սպասուին Ուքրայնայի Սեւ ծովու ափերուն ու բացայայտ է, որ հակառակ առկայ դանդաղութեան՝ ռուսական զօրքին համար կարեւորագոյն թիրախը կը համարուի Օտեսա քաղաքը, որ Սեւ ծովու վրայ ամենակարեւոր կէտը կը համարուի։ Ճիշդ է, որ ռազմական փորձագէտներու ուշադրութիւնը սահած է դէպի Խարքով, ուր տեղի կ՚ունենան բաւական թէժ մարտեր, սակայն, ռուսական կողմին համար հիմնական կողմնացոյցը Օտեսան իր տիրապետութեան տակ առնելն է։ Պատերազմի ընդհանուր ընթացքին մասին խօսելով՝ պէտք չէ նաեւ զանց առնել, որ ռուսական բանակը կը խուսափի կողմնակի մարտերու մէջ մտնելէ եւ լայն տարածքներ գրաւելու «թակարդ»էն՝ բաւարարուելով միայն դէպի մայրաքաղաք Քիեւ ճանապարհներ բանալու իր ռազմավարութեամբ։
Մինչ հերթականին պէս տեղի ունեցած է Ուքրայնա-Ռուսաստան բանակցութիւններու արդէն երրորդ փուլը, անդին նախանշաններ երեւցած են, որ Թուրքիոյ մէջ պիտի կազմակերպուի գագաթ-հանդիպում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ու Ուքրայնայի Արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրօ Քուլեպան։ Այս խիստ հաւանական հանդիպման մասին առաջին անգամ յայտարարեց Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու՝ յիշեցնելով, որ հանդիպումը նախատեսուած է Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներուն մէջ։ Այլ խօսք, թէ մինչեւ շաբաթավերջ ի՞նչ կը կատարուի կամ ի՞նչ կրնայ պատահիլ գետնի վրայ, սակայն, ցարդ հասկնալի է, որ երկու կողմերն ալ պատրաստ չեն անկեղծօրէն զիրար լսելու։ Մինչ ռուսական կողմը յառաջ կը քշէ Ուքրայնայի տարածքային ամբողջականութիւնը խաթարելիք նախապայմաններ, անդին Ուքրայնա բանակցութիւններու առընթեր կը մօտենայ որոշակի սարքազմի մը, իսկ Զելենսքի կը շարունակէ ամէն մակարդակի վրայ բանաւոր «հրթիռակոծում»ներ իրականացնել Փութինի անձին դէմ։ Կարծես երկու կողմերն ալ ոչ այնքան հետաքրքրուած են պատերազմը վայրկեան առաջ դադրեցնելով, այլ նպատակ ունին (Ուքրայնայի պարագային) մարդասիրական դադար մը տալու եւ միւս կողմէ ալ ռազմական նոր ուժեր ռազմաճակատ հասցնելու (Ռուսաստանի պարագային)։ Մեծ մտահոգը կը շարունակէ մնալ Եւրոպան, որ տնտեսապէս՝ նաւթուժի խնդրով եւ մասնաւորապէս՝ փախստականներու օրակարգով մնացած է բարդագոյն վիճակներու դէմ յանդիման։
Պատերազմը, ըստ երեւոյթին, դեռ պիտի շարունակուի, քանզի մինչեւ այս պահը ռազմական գետնի վրայ՝ մասնաւորապէս Ռուսաստան տակաւին հեռու է բեկումնային քայլ մը իրականացուցած ըլլալէ։
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԾՆՈՒՆԴ ԿՐՆԱՅ ՏԱԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՐ ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ
Ուքրայնայի պատերազմը կը մղուի նաեւ նաւթով։ Ռազմաճակատի առընթեր, տնտեսական պատերազմն ալ կը սաստկանայ։ Նաւթն ու կազը դարձած են բախտորոշ զէնքեր։
Մինչ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, Ուքրայնայի տագնապը կը թեւակոխէ «տնտեսական պատերազմ»ի ամենաթէժ փուլը։ Այժմ բացայայտօրէն երեւելի կը դառնայ, որ կազի կամ նաւթի գործիքակազմի մեծ հիմքերով այս պատերազմը կ՚ընթանայ դէպի «U Turn» կէտի մը, որմէ խուսափիլը դարձած է անկարելի։
Թէ ի՞նչ է այդ կէտը…
Նախ, այս ահաւոր պատերազմի առաջին օրէն ի վեր բոլոր կողմերը չունեցան վերապահութիւններ ու նոյնիսկ չփորձեցին իրերը թաքցնել։ Հիմա կարծէք սկսած է «կարմիր գիծերու հատուած ըլլալու» փուլը։ Արդարեւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ արգելք դրուած է Ռուսաստանէն նաւթի կամ կազի ներածման։ Ռուսաստան աշխարհի վրայ կազ արտադրող ամենախոշոր երկրորդ երկիրն է։ Ամէնօրեայ դրութեամբ 7 միլիոն տակառ ալ նաւթ կ՚արտադրէ։ Այսպէսով ան պիտի մատնուի նոր ամպարկոյի մը, որով պիտի զրկուի իր եկամուտներու գլխաւոր մասէն։
Ամերիկացիք վերջին օրերուն կը խօսէին իրենց «ազգային անվտանգութեան պահուստ»էն որոշ քանակ մը «տրամադրելու» եւ տեղական շուկաներուն միջոցներ յատկացնելու մասին, այժմ անոնք արդէն մտան խաղին մէջ՝ բառին ամբողջական իմաստով։
Այստեղ նաեւ կը յայտնուի հին-նոր հարցումը, թէ արդեօք իր տնտեսութիւնը հեղուկ կազի վրայ կառուցած Եւրոպան պիտի կարողանա՞յ դիմակայել, եթէ Ռուսաստան ինք դադրեցնէ կազի հոսքը։ Եւրոպական երկիրները ցայսօր կը շարունակեն բնականոն կազի մատակարարում ունենալ Ռուսաստանէն։ Այս հարցումը, անշուշտ, վերլուծաբաններու ուշադրութեան կեդրոնին է։ Եթէ Ռուսաստան առնէ այդպիսի քայլ մը եւ իր կարգին պատժէ Եւրոպան, ապա նաւթի տակառի սակագինը՝ մօտաւոր անցեալի 80 ամերիկեան տոլարէն կրնայ հասնիլ աւելի քան 300 ամերիկեան տոլարի. բան մը, որ կրնայ ստեղծել լուրջ տագնապալի վիճակ եւ փլուզման եզրին հասցնել Եւրոպայի՝ արդէն իսկ ոչ այդքան բարւոք տնտեսութիւնը։
Այս բոլորի առընթեր այս տագնապը կրնայ պատճառ դառնալ, որպէսզի ամբողջ Եւրոպայի տարածքով ընթացք առնեն բողոքի մեծ ալիքներ՝ ծնունդ տալով, անշուշտ, ներքին անկայունութեան ու նոյնիսկ քաղաքական անորոշութեան։ Այս բոլորը, անշուշտ, հարկ է տեղադրել «ով աւելի առաջ ախ մը կը քաշէ» տրամաբանութեան մէջ։ Մետայլի միւս երեսակին, Ռուսաստանի դէմ սահմանուած այս պատիժները կրնան «պումերանկ»ի ազդեցութիւն ունենալ՝ այդ պատիժը սահմանած իսկ կողմերուն դէմ։
Երբ այսօր մարդասիրական հրադադար է Ուքրայնայի մէջ, ռուսական բանակի գործողութիւնները կանգ առած են, միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը ամբողջութեամբ լարուած է այս տնտեսական պատերազմին վրայ։ Զանազան աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, որ Քիեւի անկման ռիսքն ալ աւելցած է որոշ չափով՝ հակառակ նախատեսուած բուռն դիմադրութիւններուն։
Այդ «պումերանկ»ի ազդեցութիւնը կրնայ միջազգային առկայ հաւասարակշռութիւնները վերաձեւաւորելու ներուժով ալ առանձնանալ։ Ամենաերեւելի օրինակը Ուաշինկթըն-Պերլին առանցքի ներդաշնակութեան տեւականացման կը վերաբերի։ Գերմանիա առայժմ հաշտ աչքով չի դիտեր՝ ԱՄՆ-ի կողմէ Ռուսաստանի ուժանիւթի պաշարներուն դէմ սահմանուած ամպարկոն։ Իսկ այլընտրանքային պաշարներու որոնումին մէջ, ըստ որոշ աղբիւրներուն, ԱՄՆ սկսած է աչք թարթել Վենեզիւելային եւ Իրանին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան