ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ ԵՒ ԼԾԱԿՆԵՐ

Արցախը կը շարունակէ մնալ պաշարուած, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն ընթացքը միշտ ծանրաբեռնուած է մտահոգիչ հեռանկարներով եւ այս մթնոլորտին մէջ միջազգային խաղացողները անմիջական ուշադրութեամբ կը շարունակեն հետեւիլ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Արեւմուտքի դերակատարներն ալ կը ձգտին յամառօրէն ներազդել տարածաշրջանի առկայ գործընթացներուն վրայ։ Ռուսաստան-Արեւմուտք առկայ հակադրութիւնը անխուսափելիօրէն կ՚անդրադառնայ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն վրայ՝ մինչ Ատրպէյճան կը յաջողի այդ կացութենէն օգտուիլ եւ յառաջ տանիլ իր առաւելապաշտ քաղաքականութիւնը։ Բոլոր կողմերէն կը հնչեն առաջարկներ, այդ բոլոր առաջարկները դրական են, սակայն զանոնք կեանքի կոչելու վերաբերեալ լծակները միշտ կը մնան հարցականի տակ։

Շաբաթավերջին Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումը եկած է ներկայ իրավիճակը նոր հարթութեան մը վրայ դնել։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոմիութիւնը ներկայիս միշտ զգայնութիւն կը ցուցաբերեն Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կացութեան նկատմամբ։ Նոյնը ի զօրու է նաեւ Ռուսաստանի պարագային՝ մանաւանդ, որ ան Արցախի մէջ ունի իր խաղաղապահ զօրախումբը։ Վերջին օրերուն Ուաշինկթընէն եւ Պրիւքսելէն իրերայաջորդ յայտարարութիւններ կը կատարուին եւ երէկ ալ անոնց վրայ եկան աւելնալ նորերը։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօ երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է ըլլայ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի մաս։ «Այս գործընթացին մէջ մեր դերը միջնորդութիւնը չէ։ Մենք այստեղ չենք թեքստ պատրաստելու, կողմերէն որեւէ մէկուն վզին պայմաններ փաթթելու համար։ Այն ինչ, որ մենք կը փորձենք ընել՝ խաղաղութիւնը դիւրացնելն է։ Նկատի ունիմ, որ մենք կ՚ուզենք՝ կողմերը իրենք մշակեն թեքստն ու պայմանները եւ միասին ընդունին զանոնք։ Անոնք պէտք է այդ բանին վրայ միասին աշխատին, որովհետեւ որեւէ երկարատեւ, կայուն եւ հաւասարակշռուած խաղաղութիւն պէտք է կողմերէն գայ։ Այս բանը չի կրնար գալ երրորդ՝ դուրսի կողմէ մը», ըսաւ Պոնօ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը աւելցուց նաեւ հետեւեալը. «Կայուն, երկարատեւ եւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան պայմանագիր ունենալու համար այդ մէկը պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղը եւ մենք յանձնառու ենք այդ մէկը աւարտին հասցնելու։ Մենք կը գիտակցինք այս բանի կարեւորութեան։ Նախ եւ առաջ Լեռնային Ղարաբաղ կ՚ըլլայ խաղաղ գործընթացի մէկ մասը։ Կը կարծեմ, թէ երկու կողմերն ալ սա ճանչցած են։ Բայց, ինչպէս ես արդէն ըսած եմ, մենք այստեղ չենք որեւէ համաձայնագրի կամ պայմանաւորուածութեան շուրջ պայմաններ պարտադրելու համար։ Կարեւոր է, որ կողմերը իրենք համաձայնութեան գան։ Իսկ մենք կ՚աշխատինք երկու կողմերուն հետ։ Նախագահ Ալիեւ Միւնիխի մէջ ըսաւ, որ մէկը պիտի նշանակէ, որպէսզի գործակցի Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ։ Կը կարծեմ՝ սա արդէն տեղի ունեցած է անցեալ շաբաթ։ Եւ ինձ հետ զրոյցի ընթացքին ան նշեց, որ պատրաստ է շարունակել այդ քննարկումները։ Այնպէս որ մենք լաւատես ենք, թէ կրնանք կողմերուն հետ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։ Բայց սա դիւրին պիտի չըլլայ։ Սա բոլոր կողմերէն կը պահանջէ շատ ծանր աշխատանք եւ յանձնառութիւն»։ Հարկ է նշել, որ Պոնօ վերջին օրերուն իրականացուց իր առաջին տարածաշրջանային այցելութիւնը դէպի Հարաւային Կովկաս։

Պրիւքսելն ալ այս շրջանին ԱՄՆ-ի հետ զուգահեռ յաճախականութեան վրայ կը հետեւի Հարաւային Կովկասի իրադրութեան։ Ինչպէս Լուիս Պոնոն, վերջին օրերուն տարածաշրջանէն ներս շփումներ ունեցաւ նաեւ Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար։ «ԵՄ նախկինին պէս մտահոգուած է, որ Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութեան շարունակական խախտումները կ՚ազդեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդու իրաւունքներուն՝ ներառեալ առողջապահութեան, կրթութեան եւ մանաւանդ սնունդ ստանալու իրաւունքներուն վրայ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Եւրոմիութիւնը կոչ կ՚ուղղէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ բոլոր պատասխանատուներուն, որպէսզի երաշխաւորեն միջանցքով տեղաշարժուելու ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ ըստ 9 նոյեմբեր 2020-ի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան եւ պահպանեն Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վերջին որոշումը։ Եւրոպացի դիւանագէտը շեշտեց, որ Պրիւքսել Պաքուին եւ Երեւանին կոչ կ՚ուղղէ՝ շարունակել մասնակցիլ երկխօսութեան՝ ներառեալ երկիրներու ղեկավարներուն մակարդակով։ «Մենք անհամբեր կը սպասենք Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի աջակցութեամբ հաշտութեան գործընթացի շարունակուիլը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ ԵՄ երբեք նպատակ չէ հետապնդած Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին գծով մրցակցութեան մէջ մտնելու։ «Մեզի համար երբեք չէ եղած «պրիւքսելեան գործընթաց ընդդէմ այլ գործընթացի մը» նպատակը։ Շարլ Միշել շատ կը փափաքի, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդները կրկին քան Պրիւքսել։ Քանի մը շաբաթ առաջ ան հանդիպած էր առաջնորդներուն հետ Միւնիխի մէջ։ Մենք կը սպասենք, որ առաջնորդները մօտաւոր ապագային կրկին հանդիպին Պրիւքսելի մէջ», ըսաւ ան։

«Նախագահ Ալիեւ հաւատարիմ է այս գործընթացին, իսկ վարչապետ Փաշինեան պարտաւորութիւններ ունի։ Բայց կրկին, սա ժամանակ կը պահանջէ եւ դիւրին գործընթաց մը չէ», նշեց Քլաար։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան դրականօրէն պիտի արձագանգէ խաղաղութեան համաձայնագրի առաջարկին վերաբերեալ իր երկրի դիտարկումներուն։

Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լաթվիոյ նախագահ Էկլիս Լեւիցի հետ։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ան ըսաւ. «Որոշ ժամանակ առաջ մենք ներկայացուցինք մեր առաջարկը, որ հիմնուած է միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն վրայ։ Մենք մեկնաբանութիւններ ստացանք Հայաստանէն։ Ի պատասխան՝ մենք անոնց ուղարկեցինք մեր մեկնաբանութիւնները։ Այնպէս որ գործընթացը կը շարունակուի»։

Նոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Իլհամ Ալիեւ նշեց նաեւ, որ Ատրպէյճանէն դէպի Եւրոպա բնական կազի մատակարարումները տարիէ տարի պիտի աւելնան։ Ան ընդգծեց, որ յառաջիկային ալ մատակարարումները միշտ պիտի աւելնան։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2023