ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանը, որ երկրաշարժին յաջորդած ծանր իրավիճակին մէջ զօրակցութեան այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Այս շրջանին Թուրքիա եւ երկրաշարժէն նոյնպէս ազդուած Սուրիա միջազգային գետնի վրայ աջակցութեան առարկայ կը դառնան՝ մանաւանդ իրենց հարեւան երկիրներուն կողմէ։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու-Ամիր Ապտուլլահիան երէկուան հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ շատ կարեւոր յայտարարութեան մը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ բնականոնացման եւ յարաբերութիւններու վերստին կարգաւորման գործընթաց մը կը հասուննայ՝ Մոսկուայի եւ Թեհրանի խրախուսանքով։ Ներկայիս այս գործընթացին տեսակէտէ լուրջ իրադարձութիւն մը խնդրոյ առարկայ է։ Արդարեւ, Չավուշօղլու Ապտուլլահիանի հետ երէկ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Իրանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխ-նախարարները արդէն ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ։ Ըստ Չավուշօղլուի, այս չորս երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ հանդիպում մըն ալ կը նախատեսուի։ Այժմ, յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ ծրագրուած արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու հանդիպումը պիտի ունենայ՝ նախարարներու հանդիպման նախապատրաստական բնոյթը։ Թեքնիք այդ քննարկումներուն համար թրքական կողմը հրաւէր ստացած է ռուսական կողմէն եւ որոշած է ընդառաջել։

Միւս կողմէ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ յայտարարեց, որ երկրաշարժին յաջորդած իրավիճակին մէջ Թուրքիա իր օդային մարզը բացած է դէպի Սուրիա, որպէսզի տեղափոխուին մարդասիրական օժանդակութիւնները։ «ՄԱԿ-ի օժանդակութիւնները կը շարունակուին անընդհատ», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ Թուրքիա Քիլիսի կողմէն ալ մարդասիրական օժանդակութիւններ կ՚ուղարկէ դէպի Սուրիա։ Ըստ Չավուշօղլուի կողմէ ներկայացուած մանրամասնութիւններուն, երկրաշարժին հետեւանքով բազմաթիւ ճանապարհներ վնասուած են եւ Թուրքիա անմիջապէս այդ խնդիրները հարթած է, որպէսզի բեռնատարները կարողանան մարդասիրական օժանդակութիւնը ցամաքային ճամբով ալ տեղափոխել Թուրքիայէն դէպի Սուրիա։ Ան յիշեցուց, որ ցարդ մօտաւորապէս 500 մեծ բեռնատար մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրուած է Թուրքիայէն դէպի Սուրիա։

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2023