«ՊՈՂԱԶԻՉԻ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ՝ ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ԵՒ ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ

«Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի դե­րա­սան­նե­րը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ձեռ­նար­կե­ցին ներ­կայ ե­ղա­նա­կի ի­րենց ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քին։ Թա­տե­րա­խում­բը այս տա­րի կը բե­մադ­րէ «Բե­րա­յի մէջ ե­րե­կոյթ մը» խո­րագ­րեալ խա­ղը՝ հայ եր­կու եր­գի­ծա­բան­նե­րու՝ Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նի եւ Ե­րուանդ Օ­տեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ։ Մեր թա­տե­րա­կան աշ­խար­հի ծա­նօթ դէմ­քե­րէն Պօ­ղոս Չալ­կը­ճըօղ­լու եւս բե­րած է իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը այս ծրագ­րին՝ որ­պէս խորհր­դա­կան։ Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն քա­ղա­քիս մէջ նա­խա­տե­սուած են եւս չորս ներ­կա­յա­ցում­ներ, ո­րոնց ա­ւար­տին թա­տե­րա­խում­բը հան­դէս պի­տի գայ նաեւ Էս­կի­շէ­հի­րի եւ Ան­գա­րա­յի մէջ։

Պա­րո­նեա­նի «Մե­ծա­պա­տիւ մու­րաց­կան­ներ» եւ «Ա­տամ­նա­բոյժն ա­րե­ւե­լեան», իսկ Ե­րուանդ Օ­տեա­նի «Զա­ւալ­լըն» գոր­ծե­րուն հի­ման վրայ ստեղ­ծուած է այս խա­ղը, որ ու­նի դե­րա­սան­նե­րու բազ­ման­դամ կազմ մը եւ թա­տե­րա­սէր­նե­րուն կը ներ­կա­յա­ցուի մէկ ա­րա­րի ձե­ւա­չա­փով։

Դե­րա­սան­նե­րու շար­քին ալ կը գտնուին վե­րո­յի­շեալ հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող պոլ­սա­հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ. ինչ­պէս՝ Մա­րալ Չան­քա­յա եւ Այ­գուն Պու­տաք։

Երէկուան երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Պօ-ղոս Չալկըճըօղլու, որ թատերախումբի ան-դամները շնորհաւորեց ներկայացումներու շարքի սկիզբին առթիւ։   

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015