ՎԵՐԸՆԹԱՑ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լավրովի հրաւէրին ընդառաջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեանի պաշտօնական այցելութեան ծրագիրը սկսաւ Անծանօթ զինուորի յուշարձանին՝ Անմար կրակին մօտ ծաղկեպսակի զետեղումով։ Աւելի վերջ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Սէրկէյ Լավրովի առանձնազրոյցը, որու աւարտին երկու նախարարներուն գլխաւորութեամբ ընթացան պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները՝ ընդլայնուած ձեւաչափով։
Նալպանտեան եւ Լավրով կարծիքներ փոխանակեցին երկու երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին առընչութեամբ։ Անոնք քննարկեցին նաեւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի Ապրիլի 24-ին Երեւան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները։
Նալպանտեան եւ Լավրով անդրադարձան Երեւանի եւ Մոսկուայի համագործակցութեան բոլոր երեսակներուն եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ իրականացուող պարբերական խորհրդատուութիւններու օրակարգին։ Նախարարները մասնաւորապէս կանգ առին ՄԱԿ-ի, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան, ԱՊՀ-ի, ԵԱՀԿ-ի, Եւրոխորհուրդի, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու վրայ։ Անոնք խօսեցան երկկողմանի իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման առաջադրութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։
Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ էին ռազմական եւ ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան հարցերը։ Նախարարները քննարկեցին տնտեսական համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը, անդրադարձան միջկառավարական յանձնաժողովի կարեւոր դերակատարութեան եւ յառաջիկային նախատեսուած նիստի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Նալպանտեան եւ Լավրով կարծիքներ փոխանակեցին մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան, երիտասարդական հարցերու բնագաւառներէն ներս համագործակցութեան շուրջ՝ արձանագրելով, որ այդ ոլորտներէն ներս կ՚իրականացուին աշխոյժ շփումներ։
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Սէրկէյ Լավրով գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութիւնը կը զարգանայ յաջողութեամբ։ Անոնք այս ամբողջին մէջ յատկապէս ընդգծեցին ուժանիւթի, աթոմային ուժանիւթի, փոխադրութեան, հանքարդիւնաբերութեան, բարձր փորձագիտութիւններու, հեռահաղորդակցութեան, դրամատնային, գիւղատնտեսութեան բնագաւառները։ Նախարարները համակարծիք էին, որ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը նոր հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ՝ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ ընդլայնման եւ խորացման համար։
Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին շարք մը տարածքաշրջանային եւ միջազգային հրակապ խնդիրներու շուրջ։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման։ Նալպանտեան բարձր գնահատեց Ռուսաստանի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրներու հետ միասին գործադրած ջանքերը, որոնք ուղղուած են այս հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծման։ Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն եւ այդ ամբողջին մէջ՝ քրիստոնեաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն։
Հանդիպումէն յետոյ երկու արտաքին գործոց նախարարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին Սէրկէյ Լավրով անհնարին նկատեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերստին թէժ փուլի թեւակոխելը։ Ամփոփելով Նալպանտեանի հետ ունեցած բանակցութիւններուն արդիւնքը՝ Լավրով յայտարարեց, թէ ոչ ոք կը փափաքի ղարաբաղեան հակամարտութեան վերստին թէժ փուլի թեւակոխելը։ «Նոյնիսկ չենք մտածեր այս մասին։ Համոզուած եմ, որ հակառակ ճարտասանութեան, շահագրգիռ կողմերէն ոչ մէկը կը փափաքի այս բանը։ Բոլոր գործողութիւնները նպատակամղուած են, որպէսզի արագօրէն գտնուի փոխադարձ ընդունելի լուծում մը», ըսաւ Լավրով։
Միեւնոյն ժամանակ ռուս նախարարը նշեց, որ Նալպանտեանի հետ կարծիքներ փոխանակած են Անդրկովկասի իրադրութեան շուրջ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը։ Մոսկուա այսուհետեւ եւս աշխուժօրէն պիտի նպաստէ բոլոր կողմերու համար ընդունելի հիմքի մը վրայ այդ հիմնախնդրի կարգաւորման համար պայմաններու ստեղծման։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան պիտի շարունակէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար փոխադարձ ընդունելի հիման վրայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար պայմաններու ստեղծման ուղղեալ ջանքերը։
Սէրկէյ Լավրով պաշտօնական սեղանով մըն ալ մեծարեց իր պաշտօնակիցը՝ Եդուարդ Նալպանտեանը։
Մոսկուայի մէջ Նալպանտեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ Ռուսաստանի Պետական տումայի երդիքին տակ։ Տումայի նախագահ Սէրկէյ Նարիշքինի եւ Հայաստանի հետ միջխորհրդարանական յանձնաժողովի, միջազգային կազմակերպութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովներու մօտ Ռուսաստանի պատուիրակութիւններուն մէջ ընդգրկուած երեսփոխաններուն հետ մէկտեղուեցաւ Եդուարդ Նալպանտեան։
Նալպանտեանի հետ զրուցելու ընթացքին Նարիշքին ջերմութեամբ վերյիշեց տակաւին շաբաթ մը առաջ Երեւան կատարած իր այցելութիւնը եւ աւելցուց, թէ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի խորհրդարանները արդիւնաւէտօրէն կը համագործակցին ու կը բերեն իրենց նպաստը միջպետական յարաբերութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ։ Նալպանտեան եւ Նարիշքին խօսեցան օրէնսդիր մարմիններու համագործակցութեան ընթացքին շուրջ, նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային շարք մը հրատապ խնդիրներու վերաբերեալ։
Այս բոլորին առընթեր, Եդուարդ Նալպանտեան Մոսկուայի մէջ այցելեց «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի յառաջատար լրատուամիջոցներու գլխաւոր խմբագիրներուն հետ։ Ան պատասխանեց Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան եւ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներուն վերաբերեալ բազմաթիւ հարցումներու։
«Կորչաքով» հիմնարկէն ներս Եդուարդ Նալպանտեան մէկտեղուեցաւ նաեւ Ռուսաստանի հեղինակաւոր քաղաքագէտներուն եւ վերլուծաբաններուն հետ։ Այս առթիւ ան պատասխանեց հայ-ռուսական համագործակցութեան, հարեւաններու հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի, Ամերիկայի, Ասիոյ եւ այլ ուղղութիւններով Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ շարք մը հարցումներու։
Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ համատեղութեան կարգով Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած շուրջ չորս տասնեակ երկիրներու դեսպաններուն հետ։ Այս փուլին եւս ան պատասխանեց Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ հարցումներու։
Նալպանտեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառի վերատեսուչ ակադեմիկոս Անաթոլի Թորքունովի հետ՝ քննարկելով այս տարի Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայանալիք այս կաճառի շրջանաւարտներու միջազգային ֆորումի նախապատրաստական աշխատանքները։