ՔԱՐՏԱՇԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի հե­ռուս­տաաստղ Քիմ Քար­տա­շեան այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Ե­րե­ւա­նի «Զուարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն ան դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Ազ­գա­յին մրցու­նա­կու­թեան հիմ­նադ­րա­մի ղե­կա­վար Ար­ման Խա­չատ­րեա­նի կող­մէ։ Քիմ Քար­տա­շեա­նի հետ են իր ա­մու­սի­նը, դուստ­րը եւ քոյ­րը։ Ա­նոնք ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան ի­րենց ի­ջե­ւա­նած «Մա­րիոթ-Ար­մե­նիա» պան­դո­կը։ Ութ օր պի­տի տե­ւէ Քիմ Քար­տա­շեա­նի կե­ցու­թիւ­նը։

Թրքա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­ներն ալ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դարձ­նեն Քիմ Քար­տա­շեա­նի ներ­կայ այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Թեր­թե­րը կը գրեն, որ ան «Հա­յաս­տան կ՚այ­ցե­լէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րը ո­գե­կո­չե­լու հա­մար»։ Ըստ հա­ղոր­դում­նե­րուն՝ Քիմ Քար­տա­շեան այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ վա­ւե­րագ­րա­կա­նի մը նկա­րա­հա­նում­նե­րուն ալ պի­տի մաս­նակ­ցի Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015