20-ԱՄԵԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ԼԵՒՈՆ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ

 Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի տե­ւա­կան խախ­տում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ ի­րադ­րու­թիւ­նը միշտ կը մնայ լարուած։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կէն 20-ա­մեայ զի­նուոր Լե­ւոն Մի­րզո­յեան նա­հա­տա­կուե­ցաւ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին հե­տե­ւան­քով։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յուած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն պաշտ­պա­նու­թեան տե­ղա­մա­սի մար­տա­կան յե­նա­կէ­տին վրայ ան թի­րա­խը դար­ձաւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ բա­ցուած կրա­կին։ Դէպ­քին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պար­զե­լու հա­մար ձեռ­նար­կուած է քննու­թեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015