ԴԱՏԱՎՃԻՌ ԵՒ ԸՆԴՎԶՈՒՄ
Ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն ՄՀՓ-ի շարքերէն ներս կ՚ապրուի ալեկոծեալ շրջան մը։ Միջոցէ մը ի վեր կուսակցութեան ներքին ընդդիմութիւնը կը փորձէ ապահովել արտահերթ համագումարի մը կազմակերպուիլը։ Իսկ կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի եւ իր համախոհները ընթացք չեն տար այդ պահանջին։
Միջոց մը առաջ ընդդիմադիրներ ստորագրութիւններ հաւաքած էին՝ կուսակցութեան ղեկավարութենէն պահանջելով արտահերթ ընդհանուր ժողովի գումարուիլը։ Այդ ստորագրութիւնները կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ պաշտօնապէս պիտի ներկայացուէին փաստաբաններու կողմէ, սակայն այդ հանգրուանին ծագած էր լուրջ լարուածութիւն մը։ Հետեւաբար ընդդիմադիրները դատ բացած էին Անգարայի 12-րդ իրաւական ատեանին մօտ։ Դատարանը երէկ արձակեց իր վճիռը, որ կը նախատեսէ ստեղծել կարգադիր յանձնախումբ մը՝ համագումարի կոչ ուղղելու համար։
Այս մթնոլորտին մէջ Տեւլէթ Պահչելի հերթական անգամ հանդէս եկաւ արմատական յայտարարութիւնով մը ու նշեց, թէ ոեւէ մէկը պէտք չէ ակնկալէ արտահերթ ընդհանուր ժողովի գումարուիլը։ Կուսակցապետը նշեց, թէ դատական ճանապարհները տակաւին չեն աւարտած եւ այս վճիռը կարելի է յանձնել Վճռաբեկ ատեանի քննարկման։ Պահչելի աւելցուց, թէ կուսակցութեան հերթական համագումարը նախատեսուած է 18 Մարտ 2018 թուականին եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ։ «Մենք այդպէս դիւրութեամբ չենք կրնար յանձնել կուսակցութիւնը։ Դատական միջոցները պիտի օգտագործենք այս նպատակով եւ թէ մինչեւ վերջ։ Ոեւէ մէկը մեզմէ արտահերթ համագումարի մը ակնկալութիւնը չունենայ, բացի հերթական համագումարէն։ Դատական ճանապարհը իրենք օգտագործեցին, հիմա ալ մենք պիտի սկսինք օգտագործել», յայտարարեց Պահչելի։