ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻ ՀԱՄԵՐԳԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ ՎԱՆԱՁՈՐԻ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Հանդիսատեսները բացի բարեսիրական նպատակով քաջալերելու համար ներկայ գտնուած էին այս համերգին, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 5-ին, երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Մենհեթթընի Մըրքըն համերգասրահին մէջ, այլեւ վայելելու դաշնակի ելոյթը աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունիի: Մէկը միւսը ամբողջացնող, ողջունող գեղեցիկ համայնապատկեր մըն էր ներկայացուածը այդ գիշեր: Մշակոյթով ծառայել մեր տարեց հայրենակիցներուն, այն հայրենակիցներուն, որոնք տասնամեակներ հպարտացան ազգային մշակութային արժէքներուն: Անոնք՝ որոնք դարձան մասնակից մեր վերելքին, մեր ազգային արժէքներուն ու փառքին: Ու այսօր Հայաստանէն հեռու Ատլանտեանի այս ափին, մշակութային այս աշխարհի կեդրոնէն կը հնչեցնեն Կոմիտասն ու Խաչատուրեանը, Բաբաջանեանն ու Ալան Յովհաննէսը:
Լեցուն սրահի մէջ, հովանաւորութեամբ մեր սիրելի Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Առաջնորդարանի Հայ օգնութեան ֆոնտը կը կազմակերպէ այս համերգը, ուր ներկայ են նիւեորքահայութեան ազգային դէմքերը, բարերարները, արուեստագէտները, Էջմիածնի հաւատարիմ մեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, նաեւ՝ հայ եւ օտար արուեստասէրներ ու բարեկամներ: Նիւթական հասոյթը պիտի տրամադրուի Վանաձորի ծերանոցին: Ի՜նչ բարի նպատակ:
Համերգի ընթացքին Շահան ներկայացուց իւրաքանչիւր յօրինողութեան հետ կապուած ամփոփ մէկ պատկերը, որպէսզի հանդիսատեսը նախ իմանայ, թէ ի՞նչ պայմաններու տակ էր գրուած այդ ստեղծագործութիւնը, վերջապէս դաստիարակուի, ու միւս կողմէ նաեւ՝ անոր ունեցած ազդեցութիւնը ընդհանրապէս մեր երաժշտական կեանքէն ներս:
Շատ գեղեցկօրէն համադրուած, ի մի բերուած յայտագիր մը, որ անկասկած կու գայ Շահանի տարիներու վրայ երկարած փորձառութենէն եւ մանաւա՛նդ ազգային գիտակցութենէն: Ծնած Իսթանպուլ, իր համերգներով ներկայացած աշխարհի բոլոր ամէն ցամաքամասները, ան յայտնի անուն մը, որ կը բերէ պատիւ որքա՛ն հայ երաժշտութեան նոյնքան նաեւ՝ մեր ժողովուրդին: Լեցուն կենսագրական գիծերով արդէն դարձած է համաշխարհային անուն մը հայ թէ օտար շրջանակներէն ներս: Սակայն, հայ բեմը կը մնայ իր քուրան, ուր կ՚անմահացնէ հանճարեղ Կոմիտասը: Կարծէք ըլլար ի՛րը ... զայն կը մեկնաբանէ ամենայն հարազատութեամբ:
Յայտագիրը կը սկսի Առնօ Բաբաջանեանով (1921-1983) Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւններով ներշնչուած իր յօրինումներով: Ամերիկահայ երաժշտագէտ Ալան Յովհաննէսի (1911-2000) «Ենովք» շարքով ու Խորենացիի «Վահագն»ի նուիրուած դաշնակի ստեղծագործութեամբ, որոնք Նիւ Եորքի մէջ առաջին անգամ կը բարձրանան բեմ: Նորարար Յովհաննէս եթէ հայ ծնած չըլլար, վստահաբար հրեաները պիտի շուարէին առաջնահերթութիւնը տալու Քոփլինին թէ Յովհաննէսին...: Մենք չկրցանք զինք արժեւորել նոյն մեծութեամբ. ճաբոնցիները գնահատեցին զինք մեզմէ աւելի... ու այս դժբախտաբար: Դաշնակի կողքին մասնակից դարձաւ Ատամ Ռոզընպալթ, ոչ մեզի ծանօթ դասական գործիքներու ընկերակցութեամբ:
Այնուհետեւ՝ Քրիստափոր Կարա-Մուրզա, մեր առաջին յօրինողը իր «Ծաղկաքաղով», որ դարձեալ աշխարհի մէջ առաջին անգամ կը ներկայացուի այդ օր այս բեմէն: Ծանօթ երգեր, ինչպէս՝ «Ծիծեռնակ» ու «Կիլիկիա»: Նաեւ՝ «Մեր Հայրենիք», որ արդէն ընդունուած է, թէ այդ հայկական ստեղծագործութիւն մը չէ, ինչպէս կը վերագրեն Բարսեղ Կանաչեանի, այլ փաստացի կերպով արդէն արձանագրուած է, թէ իտալական հեղինակութիւն մըն է, Հռոմի ճաշարաններուն մէջ երգուած...: Արծրունի այդ կը բացայայտէ իր խօսքերուն մէջ, թէ Համբարձում Պէրպէրեան ականջալուր եղած է այդ երգին մեկնաբանութեան անձամբ եւ երաժշտագէտ Գրիգոր Փիտէճեան զայն արձանագրած՝ իր վերջին գրքին մէջ:
Ընդմիջումէն ետք, յայտագիրը նուիրուած էր Արամ Խաչատուրեանին (1903-1978): Առաջին հերթին «Բանաստեղծական երգ», ընկերակցութեամբ 11-ամեայ Սիմոն Յակոբեան-Ռաճըրզի: Ան ուսանողն է Վիքթոր Պասիսի: Սկսած է նուագել չորս տարեկանին: Նուագած է զանազան ծանօթ համերգասրահներու մէջ եւ սքանչացուցած երաժշտասէր հասարակութիւնը: Խաչատուրեանի կողքին Չայքովսքին ու Փականինին կը մնան իր սիրած երաժիշտները:
Դարձեալ աշխարհի մէջ առաջին անգամ ըլլալով Շահան Արծրուի կը ներկայացնէ, 25 վարկեան տեւող, Խաչատուրեանի “Recitatives and Fugues” 7 կտորները: Հուսկ, անշուշտ Կոմիտաս (1869-1935) հայ երաժշտութեան հանճարը:
«Երանգի» (Երեւանէն), «Յետ ու առաջ» (Կարինէն) եւ «Շորոր» (Մուշէն) մեզ կապելով հայոց աշխարհին, մեր պատմական ու յաւերժական Հայաստանին: Պարզապէս կրնանք ըսել «զգլխիչ» մեկնաբանութիւն մը: Միայն կարելի է սքանչանալ:
Յոտնկայս ծափերով encore մը...:
Հրաւիրեալները հիւրասիրութեամբ դիմաւորեցին Շահանը: Ներկայ էր Մեթրիփոլիթըն օփերայի տիւան՝ Լուսին Ամարան եւ այլ ծանօթներ ու երաժիշտներ:
Շահան անգամ մը եւս պարուրեց մեր հոգիները մեր տոհմիկ եւ դասական երաժշտութեամբ: Մի՛շտ ալ ան սիրցուցած է իր ելոյթներով մեր մեծ անունները:
Երկար ապրի՛ս, Շահան ջան:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ