ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿ՝ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ Հինգ­շաբ­թի ե­րե­կո­յէն ի վեր սպա­սո­ղա­կան ի­րա­վի­ճակ կը տի­րէ: Մինչ Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան մամ­լոյ ա­սու­լիս մը տա­լով կա­րե­ւոր շեշ­տադ­րում­ներ կը կա­տա­րէր եւ կը յայտ­նէր, թէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պէտք է կա­րե­ւոր ը­սե­լիք ու­նե­նայ անց­նող օ­րե­րուն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ծան­րակ­շիռ դէպ­քե­րուն վե­րա­բե­րեալ:

Մինչ հայ­կա­կան կող­մը ա­մէ­նօ­րեայ դրու­թեամբ կը յայ­տա­րա­րէ հայ­կա­կան բա­նա­կին ու­նե­ցած կո­րուստ­նե­րուն մա­սին, ան­դին Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ պահ­պա­նել իր լռու­թիւ­նը:

Ղա­րա­բա­ղեան սահ­ման­նե­րուն վրայ անց­նող 1 Ապ­րի­լէն սկսեալ տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քե­րը կը դառ­նա­յին մի­ջազ­գա­յին լրա­հո­սին գլխա­ւոր թե­մա­նե­րէն մին: Տե­ղին է նշել, որ լրա­տուա­կան կարգ մը ծա­ռա­յու­թիւն­ներ, ո­րոնք ցարդ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը «ան­ջա­տո­ղա­կան» կողմ կը հա­մա­րեն, ա­ռիթ տուած էին հայ­կա­կան կող­մի կե­ցուածք­նե­րը ներ­կա­յաց­նող վեր­լու­ծող­նե­րու, որ­պէս­զի վեր­ջին­ներս յայտ­նեն ի­րենց կար­ծի­քը:

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ տի­րող կա­ցու­թիւ­նը եւ ըն­թա­ցող հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը կը ստի­պէին մի­ջազ­գա­յին գլխա­ւոր խա­ղա­ցող­նե­րուն, որ­պէս­զի կա­րե­ւոր ճի­գեր ի­րա­կա­նաց­նեն ղա­րա­բա­ղեան ընդ­հա­րում­նե­րը ա­մէն գնով մեծ պա­տե­րազ­մի մը վտան­գէն հե­ռաց­նե­լու:

Ոչ մէկ կող­մի հա­մար ձեռն­տու է Կով­կա­սի այդ հա­տուա­ծը նոր հա­կա­մար­տու­թեան թա­տե­րա­բե­մի վե­րա­ծե­լը:

Ճիշդ է, որ տար­բեր վեր­լու­ծա­բան­ներ կը խօ­սէին վե­րին մա­կար­դա­կի վրայ ե­ղած ո­րոշ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու մա­սին, բայց եւ այն­պէս Սու­րիոյ ա­ռըն­թեր վեր­ջին շրջա­նին ե­րե­ւե­լի դար­ձած ռուս-ա­մե­րի­կեան ո­րոշ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նաեւ կրնար յու­շել, որ աշ­խար­հի գեր­տէ­րու­թիւն­նե­րը եր­բեք պի­տի չու­զեն, որ Կով­կա­սը նոր պա­տե­րազմ­նե­րու հան­դի­սա­վայր դառ­նայ: Դէպ­քե­րէն ըն­դա­մէ­նը ժամ մը անց, շարք մը ռուս վեր­լու­ծա­բան­ներ կար­ծիք կը յայտ­նէին այն մա­սին, թէ Մոս­կուա­յի հա­մար եր­բեք ձեռն­տու չէ, որ հա­կամար­տու­թեան կողմ ե­ղող­նե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կը յաղ­թա­նակ ար­ձա­նագ­րէ միւ­սին վրայ: Նոյն շեշ­տադ­րու­մով կը խօ­սէր Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի բան­բեր՝ Տի­միթ­րի Փես­քով: Ան կը յայտ­նէր, որ թէ Ատր­պէյ­ճան եւ թէ Հա­յաս­տան Ռու­սաս­տա­նի հա­մար բա­րե­կամ եր­կիր­ներ են եւ, թէ ի­րենք պի­տի շա­րու­նա­կեն ճի­գեր գոր­ծադ­րել Ղա­րա­բա­ղի մէջ ամ­բող­ջա­կան խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­կանգն­ման հա­մար: Ռուս պա­տաս­խա­նա­տուն նաեւ մտա­հո­գու­թիւն կ՚ար­տա­յայ­տէր այն մա­սին, որ Ղա­րա­բա­ղի ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կը շատ հե­ռու է կա­յուն ըլ­լա­լէ:

Յօ­դուա­ծին սկիզ­բը ակ­նար­կած էի, որ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ սպա­սո­ղա­կան ո­րոշ ի­րա­վի­ճակ կը տի­րէ: Եր­կու օր ա­ռած «կնքուած» հրա­դա­դա­րէն ի վեր տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ կը հնչէ մէկ հարց: Ար­դեօք Ատր­պէյ­ճան պի­տի վերսկ­սի՞ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կի­րա­րել հայ­կա­կան դիր­քե­րու ուղ­ղու­թեամբ, բան մը, որ վի­ճա­կը ա­ւե­լիով բար­դաց­նել եւ տա­նիլ մեծ պա­տե­րազ­մի: Կա­րե­լի է ը­սել, որ այս հրա­դա­դա­րը անս­պա­սե­լի էր, ու տե­ղի կ­­՚ու­նե­նար պա­հու մը, երբ եր­կու կող­մե­րը զի­նուո­րա­կան թէ­ժա­գոյն մար­տեր կը մղէին:

Ատր­պէյ­ճա­նի կա­տա­րած գրո­հէն ժա­մեր անց հայ­կա­կան պաշտ­պա­նա­կան ու­ժե­րը ու­նէին մէկ մտա­հո­գու­թիւն. վե­րագ­րա­ւել Ճէպ­րա­յի­լի (Մե­խա­կա­ւան) մէջ ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րու գրա­ւած թի­ւով ութ դիր­քե­րը: Կրա­կը դադ­րե­լէ աս­դին եւ մին­չեւ այս պա­հը տա­կա­ւին յստակ չէ, որ ար­դեօք հայ­կա­կան կող­մե­րը կա­րո­ղա­ցա՞ն վե­րագ­րա­ւել այդ դիր­քե­րը: Ե­թէ հայ­կա­կան կող­մին հա­մար այդ դիր­քե­րը ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­նա­յին, ա­պա հայ­կա­կան կող­մը այս­քան ա­րագ պի­տի չըն­դու­նէր Մոս­կուա­յի կնքա­հայ­րու­թեամբ հաս­տա­տուած հրա­դա­դա­րը: Այս­տեղ կան նաեւ եր­կու կա­րե­ւոր վար­կած­ներ՝

ա.- Հաս­տա­տուած հրա­դա­դա­րին ա­ռըն­թեր Մոս­կուա յա­ջո­ղած էր այն­պի­սի դրա­կան տուեալ­ներ քա­ղել յօ­գուտ հայ­կա­կան կող­մին, որ Ար­ցա­խի ու մա­նա­ւանդ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար հրա­դա­դա­րի ա­ռա­ջար­կին մեր­ժու­մը կրնար ու­նե­նալ ծանր հե­տե­ւանք­ներ:

բ.- Ղա­րա­բա­ղի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հրա­դա­դա­րի ա­ռա­ջար­կը ըն­դու­նե­լով կը հաս­տա­տէին, որ ի­րենք նախ եւ ա­ռաջ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար մարտն­չող կողմ են եւ ոչ հա­կա­ռա­կը:

Ղա­րա­բա­ղի մէջ աճ գրան­ցած սոյն տագ­նա­պի ընդ­հա­նուր պա­րու­նա­կին մէջ նոյն­պէս պէտք է տես­նել սու­րիա­կան տագ­նա­պի վեր­ջին զար­գա­ցում­ներ:

Բնա­կա­նա­բար Մոս­կուա­յի աշ­խու­ժա­ցու­մը ան­հանգս­տու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ ո­րոշ կող­մե­րու հա­մար եւ հե­ռու չէ այն են­թադ­րու­թիւ­նը, թէ այս խնդրին այս ձե­ւա­չա­փով զար­գա­ցու­մը Սու­րիոյ ընդ­հա­նուր վի­ճա­կին հետ կապ ու­նի:

Ճիշդ է նաեւ այն մօ­տե­ցու­մը, ըստ ո­րուն ե­ղած հրա­դա­դա­րի լու­րին Մոս­կուա­յէն հնչած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, իր մէջ ու­նի տար­բեր ո­րա­կի պատ­գամ­ներ:

Այս ա­ռու­մով Մոս­կուա կ­­՚ը­սէր մէկ բան, թէ Կով­կա­սի խա­ղա­ղու­թեան հիմ­նա­կան բա­նա­լին կը գտնուի իր մօտ: Որ­քան ալ կող­մե­րը մարտն­չին, յար­ձա­կում­ներ եւ պա­տաս­խան-գրոհ­ներ կա­տա­րուին, վեր­ջին խօս­քը Մոս­կուա­յինն է:

Քա­ղա­քա­կան հա­շիւ­նե­րու մէջ կլա­նուած մեծ խա­ղա­ցող­նե­րուն հա­մար մարդ­կա­յին զո­հե­րու գոր­ծօ­նը ի­մաստ մը չու­նի: Հա­կա­մար­տող եր­կու կող­մերն ալ ու­նին մարդ­կա­յին ծանր կո­րուստ­ներ: Կա­րե­ւոր ալ չէ, թէ ո՛ր կող­մը միւ­սէն ա­ւե­լի զոհ ու­նի պա­տե­րազ­մի դաշ­տին վրայ: Ու այս պրիս­մա­կէն նա­յե­լով յու­սա­լի է, որ Ատր­պէյ­ճան վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ իր բո­լոր խա­ղադ­րոյք­նե­րը:

Ղա­րա­բա­ղի խնդի­րը հա­յու­թեան հա­մար մահ ու կե­նաց խնդիր է: Ու հայ­կա­կան կող­մը, իր բո­լոր բաղ­կա­ցու­ցիչ­նե­րով ու տար­րե­րով պի­տի մարտն­չի պա­հե­լու հա­մար այս հո­ղա­տա­րած­քը:

Մտա­հո­գի­չը այն է, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­տա­րած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կրնան ա­ւե­լիով հե­ռաց­նել խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ընդ­հա­նուր ծրա­գրէ մը, որ եր­կու կող­մե­րուն հա­մար ալ կեն­սա­կան է ու ան­յե­տաձ­գե­լի:

Պա­տե­րազ­մի ա­հը, ան­մարդ­կա­յին վե­րա­բեր­մուն­քը եւ զո­հե­րու թի­ւին ա­ճը նոյն­պէս կը ստեղ­ծէ հո­գե­բա­նա­կան տագ­նապ­ներ: Կը հե­ռաց­նէ եր­կու հա­րե­ւան ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ի­րար­մէ եւ խա­ղա­ղու­թեամբ միա­սին ապ­րե­լու փա­փա­քը կը դարձ­նէ փուճ: Ալ չեմ խօ­սիր այն մա­սին, որ կող­մե­րուն մէջ եւս նուա­զա­գոյ­նի կը հաս­նի միա­սին խա­ղա­ղու­թեամբ ապ­րե­լու կոչ ը­նող­նե­րուն թի­ւը:

 Ան­շուշտ այս բո­լոր հար­ցե­րը կրնան կար­գա­ւո­րուիլ, ե­թէ եր­կու կող­մե­րուն մօտ քա­ղա­քա­կան կամ­քի դոյզն ար­տա­յայ­տու­թիւն մը ե­րե­ւե­լի ըլլ­այ: Այս ա­ռու­մով պէտք է ու­շագ­րաւ հա­մա­րել Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի Հա­յաս­տա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած Մինս­քեան խմ­­բա­կի դես­պան­նե­րուն առ­ջեւ ար­տա­յայ­տած միտ­քը, ուր նա­խա­գա­հը կը յայտ­նէր, թէ նոյ­նիսկ հայ­կա­կան կող­մը ու­նե­նայ զի­ջում­նե­րու եր­թա­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն մը, ա­պա այդ մէ­կը կ­­՚ըլ­լայ միայն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ան­կեղծ եւ ա­նա­չառ քննար­կում­նե­րու ճա­նա­պար­հով: Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ հրա­դա­դա­րէն ժա­մեր ա­ռաջ կը յայ­տա­րա­րէր, թէ ի­րենք պատ­րաստ են վե­րա­դառ­նալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղան: Այս մօ­տե­ցու­մը կա­րե­ւոր է, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ նոյն Ա­լիե­ւը, որ օ­րեր ա­ռաջ կը գտնուէր Ո­ւա­շինկ­թըն, խան­դա­վա­ռու­թիւն չէր յայտ­նած Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նին հետ հան­դի­պում կա­յաց­նե­լու:

Հի­մա վէր­քը դար­ձեալ բա­ցուած է, ու բնա­կան է նաեւ, որ Մոս­կուա­յի կող­մէ բա­նե­ցուած ճնշում­նե­րը գտած են ի­րենց հաս­ցէա­տէ­րը: Գետ­նի վրայ եր­կու կող­մե­րը մեծ կու­տա­կում­ներ կը կա­տա­րեն ու յատ­կա­պէս հայ­կա­կան կող­մին մօտ առ­կայ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը կրնայ «ֆորս մա­ժէօ­րա­յին» վի­ճակ ստեղ­ծել ատր­պէյ­ճա­նա­կան ո­րե­ւէ նոր ար­կա­ծախնդ­րու­թեան հա­մար:

Ճիշդ է, որ Հինգ­շաբ­թի յետ­մի­ջօ­րէին Ստե­փա­նա­կերտ հա­սած ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը մեծ պա­տաս­խան­ներ չու­նին ծայր ա­ռած լա­րուա­ծու­թեան դի­մաց:

Ա­նոնք պար­զա­պէս պի­տի փոր­ձեն մեղ­մել պայ­թե­լու աս­տի­ճա­նին հա­սած ի­րադ­րու­թիւ­նը:

Կը մնայ յու­սալ, որ Ատր­պէյ­ճան յստակ քայ­լեր կա­տա­րէ եւ նախ­քան մեծ փոր­ձու­թեան մը եր­թա­լը, ընդ­հա­նուր ճիշդ հա­շուարկ կա­տա­րէ եւ ան­կեղծ ըլ­լայ երկ­խօ­սու­թիւն կա­յաց­նե­լու իր նախ­նա­կան փա­փա­քին մէջ:

Այ­լա­պէս թէժ օ­րեր կրնան սպա­սուիլ ու ցան­կա­ցած պա­տե­րազմ կրնայ ա­ղի­տա­բեր ըլ­լալ միան­գա­մայն թէ՛ Ստե­փա­նա­կեր­տի եւ թէ Պա­քուի հա­մար:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2016