ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՓՈՒԼ
Արցախի իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ իրադարձութիւնները կ՚ընթանան մտահոգիչ հունի մը մէջ։ Հակառակ հայ եւ ազէրի կողմերուն միջեւ հաստատուած կրակի դադրեցման վերաբերեալ պայմանաւորուածութեան, Պաքուի կողմէ անընդհատ կը շարունակուին սադրանքները։ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը տեղեկացուց, թէ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մերձակայքին երէկ նկատուած է Ատրպէյճանի հարուածային անօդաչու թռչող սարք մը, որ վար առնուած է։
Առկայ մթնոլորտին մէջ միջազգային հարթութեան վրայ ջանքերն ալ կը շարունակուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս զարգացումի մը հասնելու համար։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ աւարտելով իրենց շփումները Արցախի մէջ երէկ անցան Երեւան։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի կողմէ հիւրընկալուեցան միջնորդները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Օհանեան կարեւորեց հրադադարը իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող համաձայնագրով մը ամրապնդելը։ Նախարարը եւ միջնորդները շօշափեցին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ յարձակումը եւ հաւանական զարգացումները։ Օհանեան ներկայացուց շփման գծի վրայ կատարուած մարտական գործողութիւնները եւ ձեւաւորուած իրավիճակը։ Ան շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի գործողութիւնները ապահոված են լիարժէք դիմադրութիւն Ատրպէյճանի ռազմական յարձակման դէմ ու կանխած՝ անոր հետագայ գործողութիւնները։ Նախարարը ընդգծեց, որ հայկական կողմը կը շարունակէ կողմնակից մնալ հակամարտութեան բանակցային կարգաւորման։ Զինեալ դիմակայութեան թուլացման որպէս նախապայման՝ Օհանեան կարեւորեց հրադադարի իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող համաձայնագրի մը միջոցաւ ամրապնդումը։
Միջնորդները այսօր կը շարունակեն իրենց շփումները Հայաստանի ղեկավարութեան հետ եւ Երեւանի մէջ նախատեսուած է նաեւ անոնց մամլոյ ասուլիսը։ Իր կարգին, Ճէյմս Ուորլիք յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար եկած է ժամանակը։
Միջազգային հարթութեան վրայ ի գործ դրուած ջանքերու կիզակէտին կը գտնուի Մոսկուա։ Երէկ, Ռուսաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց Նախագահ Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ։ Խորհուրդի մշտական անդամները հրաւիրուեցան գործնական խորհրդակցութեան մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ այս ուղղութեամբ ռուսական կողմին գործադրած ջանքերը։ Մինչ այդ, Փութին ղարաբաղեան հարցին շուրջ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ, որ ակնյայտ ատրպէյճանամէտ ընթացք մը որդեգրած է վերջին շրջաններուն։ Իր կարգին, Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւն ալ յայտարարեց, թէ իր երկիրը ղարաբաղեան հարցին շուրջ չի խուսափիր պատասխանատուութիւններէ։ Ծանօթ է, որ Մետվետեւ նախընթաց օր պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուրկէ ալ ուղեւորուեցաւ Պաքու, ուր երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Բնականաբար, Մետվետեւի հիմնական տեսակցութիւնը Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ էր։ Մետվետեւ նշեց, որ իր շփումներուն ընթացքին բոլորը ըսած են, թէ այս շատ բարդ հակամարտութեան կարգաւորման ուղին բանակցութիւններն են։ Հրադադարի պահպանումը եւ այդ մէկը երկարաժամկէտ խաղաղութեան վերածելը այլընտրանք չունի։ Սա ամենակարեւորն է։
Մետվետեւ խօսեցաւ նաեւ հակամարտութեան կարգաւորման ձեւաչափին շուրջ։ Ան համոզուած է, թէ նոր դրութիւններու ստեղծումը կրնայ կրկնակի վտանգաւոր ըլլալ, որովհետեւ այդպէսով կաթուածահար պիտի ըլլայ ներկայ դրութիւնը։
Տարածքաշրջանի ազդու դերակատարներէն Թեհրանն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի Արցախի իրադարձութիւններուն։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յոյս յայտնեց, թէ Լեռնայի Ղարաբաղի պարագային հրադադարին կը յաջորդեն բանակցութիւնները։ Զարիֆի խօսքերով, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պէտք է ըլլան լաւ յարաբերութիւններ եւ Թեհրանի ղեկավարութիւնը կը պաշտպանէ այն բոլոր ջանքերը, որոնք նպատակամղուած են այդ հիմնախնդրի լուծման։
Հայկական դիւանագիտութիւնն ալ առկայ իրադրութեան մէջ թափով կը շարունակէ իր նախաձեռնութիւնները։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Ծանօթ է, որ Լաւրով նախօրէին այցելած էր Պաքու, իսկ ներկայ ամսուան երկրորդ կէսին պիտի այցելէ Երեւան։ Նալպանտեան, որ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին մասնակցելու համար Մոսկուա մեկնած էր, առանձնազրոյց մը ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակցին հետ։ Օրակարգի վրայ էին ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի լարման հետեւանքով վերջին օրերուն ձեռնարկուած քննարկութիւններուն շարունակութիւնները։ Ըստ Նալպանտեանի, Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով լուրջ հարուած ստացած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացը, ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն ջանքերը։ Նալպանտեան համոզուած է, թէ հրատապ գործնական քայլեր անհրաժեշտ են իրադրութեան կայունացման համար։
Սէրկէյ Լաւրով նշեց, որ իրավիճակի սրման ամենասկիզբէն Ռուսաստան ջանքեր գործադրած է կրակի դադրեցման ուղղութեամբ։ Ռուս նախարարը անընդունելի համարեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ուժի գործադրութիւնը, կարեւորեց ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին պայմանաւորուածութեան պահպանումը, նման իրավիճակներու կրկնութեան բացառումը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ բանակցային գործընթացի շարունակման համար համապատասխան պայմաններուն ստեղծումը։
Նալպանտեան եւ Լաւրով կարեւորեցին հրադադարի դրութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կատարուած առաջարկներուն իրագործումը։ Լաւրով Նալպանտեանի տեղեկութիւններ փոխանցեց վերջին օրերուն Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ռուս-ազէրի հանդիպումներուն մասին։
Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ-ի ժողովին շրջագծով ալ անդրադարձաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին։ «Արցախի դէմ Պաքուի կողմէ վերջին օրերուն սանձազերծուած լայնածաւալ յարձակումները կը խախտեն Ատրպէյճանի իսկ կողմէ ստեղծուած հրադադարի (1994) եւ հրադադարի ամրապնդման (1995) եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագրերը սանձազերծուած յարձակման առաջին իսկ ժամերէն սկսեալ միտումնաւոր եւ բացայայտ թիրախաւորուած էին քաղաքացիական շէնքերը, տուժեցին քաղաքացիական անձեր, ներառեալ երախաներ ու ծերեր։ Խնդիրը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու վերաբերեալ միջազգային հանրութեան բազմաթիւ կոչերը Ատրպէյճանի կողմէ բացարձակապէս ոտնահարուեցան։ Ակնյայտ է, որ այս բոլորը լուրջ վնաս կը հասցնեն բանակցային գործընթացին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն։ Մենք բազմիցս միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած ենք Պաքուի ռազմակենչ նկրտումներուն վրայ եւ կոչ ուղղած ենք կանխել զանոնք՝ նկատի ունենալով իրավիճակի այս իսկ զարգացումը, որուն ականատեսը եղանք այս օրերուն։ Այսօր առաւել հրամայական դարձած են ապագային այս տեղի ունեցածին կրկնութեան բացառումը, խնդրի ռազմական լուծման վտանգաւոր փորձերէն հրաժարումը, հաւանական լուծումներու ուղղեալ ջանքերը», ըսաւ Նալպանտեան ժողովի ընթացքին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով։ Տեղական մամուլը կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի մէջ ձեռնուած են հայ եւ ազէրի նախարարները։
Բաց աստի, Նալպանտեան Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտեուժայի հետ։ Նալպանտեան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին ներկայացուց Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումներուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։
Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան «Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, թէ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս յաջողութիւն ապահովելու համար պարտադիր պայման է Ստեփանակերտի լիարժէք մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին։ Միրզոյեան նշեց, թէ սա Արցախի մշտական դիրքորոշումն է։ Ինչպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու վերջին այցելութեան, այնպէս ալ բազմաթիւ ուրիշ հանդիպումներու ժամանակ այս նիւթը բերուած է օրակարգի վրայ։ «Մենք պիտի շարունակենք այդ մասին բարձրաձայնել մինչեւ այն պահը, երբ Արցախ պիտի վերադառնայ բանակցային սեղան՝ որպէս բանակցութիւններու լիարժէք կողմ», ըսաւ Միրզոյեան։