ՓՔՔ-Ի ԴԷՄ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն ծան­րակ­շիռ հա­րուած­ներ հասց­նել ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը ե­րէկ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ՝ Քան­տի­լի շրջա­նին, ինչ­պէս նաեւ Հաք­քեա­րիի մեր­ձա­կայ բա­ցաս­տան­նե­րուն մէջ։ Վեց ռազ­մաօ­դա­նա­ւեր ազ­դու ձե­ւով ռմբա­կո­ծած են ՓՔՔ­-ի ա­պաս­տա­նա­րան­նե­րը եւ ռազ­մամ­թե­րա­նոց­նե­րը։ Գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ընդգ­ծած են նաեւ կարգ մը թի­րախ­ներ Թուն­ճե­լիի մէջ։

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րուն հա­ղոր­դում­նե­րով, ոչն­չա­ցուած են նաեւ կարգ մը քա­րան­ձաւ­ներ, ո­րոնք կ՚օգ­տա­գոր­ծուին ՓՔՔ­-ա­կան­նե­րուն կող­մէ։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2016