ՎՃՌԱԿԱՄ ԸՆԹԱՑՔ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով հարցերու շուրջ։ Երէկ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի հերթական նիստը։ Էրտողանի եւ Փութինի գլխաւորութեամբ ծաւալուն բանակցութիւններ տեղի ունեցան երկու երկիրներու ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններուն միջեւ։ Բաց աստի, Էրտողան եւ Փութին ունեցան առանձնազրոյց մը։ Երկու երկիրներու ղեկավարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան Մոսկուայի մէջ ընդգծեց, որ որդեգրուած է Թուրքիա-Ռուսաստան երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը 100 միլիոն ամերիկեան տոլարի մակարդակին հասցնելու նպատակը։

«Ներկայ վիճակի հաշուեկշիռը ընելով կը կեդրոնանանք յառաջիկայ շրջանի նոր նպատակներուն վրայ։ Թէ՛ ռազմավարական, թէ՛ զինուորական, թէ՛ տնտեսական, թէ՛ առեւտուրի, թէ՛ մշակոյթի եւ թէ բոլոր բնագաւառներու վերաբերեալ մեր աշխատանքները պիտի շարունակենք թափով», ըսաւ Էրտողան Մոսկուայի հանդիպման ընթացքին։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախագահ Էրտողան մասնաւորապէս կանգ առաւ ուժանիւթի բնագաւառին վրայ։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա-Ռուսաստան տնտեսական յարաբերութիւններու պարագային ուժանիւթի բնագաւառը կը համարուի առանցքային սիւն մը։ Երկու նախագահներն ալ Մոսկուայի երէկուան հանդիպման ընթացքին խօսեցան ուժանիւթի ոլորտին վերաբերեալ ծրագրերուն շուրջ։

Թուրք-ռուսական երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամը։ Էրտողան յայտնեց, որ վըճ-ռած են Սուրիայէն արտաքսելու այն ահաբեկչական լծակները, որոնք թիրախաւորած են Թուրքիոյ ազգային անվտանգութիւնը։ Երկու նախագահները Մոսկուայի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցած են Սուրիայէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման խնդրին շուրջ։ Անոնք անդրադարձած են այն յաւելեալ քայլերուն, որոնք յառաջիկայ շրջանին կրնան կեանքի կոչուիլ Սուրիայէ ներս կայունութեան հաստատման համար։ Էրտողան շեշտեց, որ Սուրիոյ պարագային Թուրքիա եւ Ռուսաստան կ՚ընթանան փոխադարձ ըմբռնման հիմքով։ Անգարա եւ Մոսկուա կը շարունակեն համակարծիք մնալ նաեւ, թէ Սուրիոյ տագնապը կրնայ յաղթահարուիլ քաղաքական լուծումով։ Էրտողան կարեւորութեամբ ընդգծեց նաեւ, որ կողմերու նպատակն է պահպանել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախագահ Էրտողան կարեւոր բաժին մը յատկացուց նաեւ Իտլիպի խնդրին։ Ան ըսաւ, որ թրքական կողմը պիտի շարունակէ իր քայլերը եւ Իտլիպի պարագային անկարելի է տեղքայլի մը կատարուիլը։

Էրտողանի այս խօսքերուն զուգահեռ, Վլատիմիր Փութինն ալ յայտնեց, որ Իտլիպի պարագային Սոչիի համաձայնութեան շրջանակին մէջ բացարձակապէս խնդրոյ առարկայ են զարգացումներ։ «Թուրքիոյ հետ տնտեսական եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան հարցին շուրջ բաւական արդիւնաւէտ համագործակցութիւն մը կը ծաւալենք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն», ըսաւ Վլատիմիր Փութին Էրտողանի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Ս-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու Թուրքիոյ կողմէ ձեռքբերման հարցին։ Էրտողան ըսաւ, որ այս հրթիռներու վերաբերեալ գործարքը վերջացած է։ «Սա մեր գերակայութեան իրաւունքն է, մեր գործադրութիւնն է», ընդգծեց նախագահը։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2019