HORASIS-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ Horasis վերլուծական կեդրոնի տարեկան կլոպալ հանդիպման կը մասնակցի Լիզպոնի մէջ, երէկ ընդունուեցաւ Փորթուգալի վարչապետ Անթոնիու Քոշտայի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Փորթուգալի պետութիւններու եւ ժողովուրդներու միջեւ ջերմ, պատմական կապերուն եւ հարուստ մշակութային ժառանգութեան։ Ան մատնանշեց, որ հայ ժողովուրդի պանծալի զաւակներէն մին՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի անունը իւրաքանչիւր հայ կը յիշէ հպարտութեամբ։ Իր կարգին, Փորթուգալի վարչապետն ալ ընդգծեց Գալուստ Կիւլպէնկեանի գործունէութեան ու անոր թողած ժառանգութեան, բարեգործական ու գիտամշակութային հիմնարկին դերակատարութիւնը իր երկրին տեսակէտէ։

Արմէն Սարգսեան եւ Անթոնիու Քոշտա կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի համագործակցութեան հաւանական ուղղութիւններուն շուրջ։ Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ երկու երկիրները գործակցութեան մեծ ներուժ ունին կրթական եւ գիտական ոլորտներէ ներս։ Այդ ամբողջին մէջ նախագահը առաջարկեց իրականացնել ուսանողներու եւ գիտնականներու փոխանակում, ինչպէս նաեւ կեանքի կոչել գիտահետազօտական համատեղ ծրագրեր։

Նշելով, որ տեղեակ է Փորթուգալի կողմէ տիեզերք արբանեակներ արձակելու կայանի կառուցման մասին՝ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստան պատրաստակամ է բաժնել այս ոլորտէ ներս իր գիտական ներուժն ու փորձառութիւնը, ինչ որ յայտնի է տակաւին խորհրդային տարիներէն։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ երկու երկիրները համագործակցութեան մեծ ներուժ ունին տեղեկատուական փորձագիտութիւններու, բնական գիտութիւններու, արհեստական բանականութեան ոլորտներէն ներս։

Նախագահ Սարգսեան աւելցուց, որ Հայաստան-Փորթուգալ համագործակցութեան առաւել արդիւնաւէտ ոլորտներէն մէկը կրնայ դառնալ զբօսաշրջութիւնը։ «Հայաստանը եւ Փորթուգալը հրաշալի երկիրներ են եւ զիրար բացայայտելու կարիք ունին», ըսաւ ան։

Զրուցակիցները խօսեցան նաեւ երկու երկիրներու միջեւ ուղիղ օդային կապի հաստատման հաւանականութեան մասին՝ պայմանաւորուելով ուսումնասիրել այս հարցը։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Horasis-ի տարեկան կլոպալ հանդիպման ընթացքին ալ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան մատնանշեց, որ նոր աշխարհի մէջ անհատներու ձայները լսելի եւ որոշիչ պիտի ըլլան։ Քննարկման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան արդի աշխարհի մարտահրաւէրները եւ անոնց լուծման տարբերակները։ Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր երկիր տարբեր ձեւով կը մօտենայ առկայ խնդիրներու լուծման։ «Հայաստանի պարագային բանաձեւը շատ պարզ է։ Փոքրը գեղեցիկ է եւ փոքրը կրնայ շատ յաջող ըլլալ՝ հաշուի առնելով այն, ինչ որ տեղի կ՚ունենայ այսօր աշխարհի վրայ», ըսաւ ան։

Իր ելոյթին մէջ Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ կլիմայի փոփոխութիւններու եւ մարդու գործունէութեան հետեւանքով բնութեան հասցուած վնասներուն։ Ան ըսաւ. «Մենք պէտք է խօսինք ոչ թէ կլիմայական փոփոխութիւններու, այլ այն վնասի մասին, զոր կը հասցնենք բնութեան։ Իրականութիւնը այն է, որ աշխարհ շատ քայլեր կը ձեռնարկէ այս իրավիճակի դէմ պայքարելու համար։ Յառաջ երթալու ճանապարհը կանաչ փորձագիտութիւններն են, վերականգնուող ուժանիւթը՝ ջրային ուժանիւթը, հովը, արեւի ուժանիւթը։ Սակայն նոյնիսկ լաւագոյն պարագային մեզմէ պիտի պահանջուին տասնամեակներ, որպէսզի մեր անցեալէն, որ բացարձակ սեւ էր, քանի որ կ՚այրէինք ածուխը, անցում կատարենք կանաչ ապագայի»։ Արմէն Սարգսեան աւելցուց, որ պէտք է լրջօրէն դիտարկել առկայ իրականութիւնը եւ պէտք է հսկայական, բազմազգ ջանքեր գործադրուին ամբողջ աշխարհի մէջ՝ ունենալու համար կանաչ ապագայ մը։

Բաց աստի, Արմէն Սարգսեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Horasis վերլուծական կեդրոնի հիմնադիր-նախագահ Ֆրանք-Եուրկէն Ռիխթէրի հետ։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2019