ԱՆԸՆԴՀԱՏ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու հեռախօսազրոյցներու ընթացքին ալ անդրադարձ կատարուեցաւ քորոնաժահրի համավարակի դէմ ձեռնարկուած պայքարին։ Ընդգծուեցաւ համագործակցութեան, իրերօգնութեան եւ տեղեկատուական փոխանակման կարեւորութիւնը։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով անդրադարձան Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցերու, միջազգային կամ տարածքաշրջանային կառուց-ւածքներու եւ շրջանակներէն ներս համագործակցութեան։ Կողմերը քննարկեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ վերջին զարգացումները։

Մնացականեանի եւ Զարիֆի միջեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան եւ Իրան հարցերու լայն շրջանակին։

Արտաքին գործոց Նախարար Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ համավարակի տարածման դէմ արդիւնաւէտ պայքարելու նպատակով ձեռնարկուած ջանքերը եւ բարձր գնահատեց Իրանի կողմէ արտայայտուած զօրակցութիւնը։ Կարեւորուեցաւ համընդհանուր պայքարի եւ ստեղծուած պայմաններու ներքեւ Երեւան-Թեհրան համագործակցութիւնը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2020