ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի միջեւ վերջին օրերուն նամակներ փոխանակուեցան՝ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն նամակ մը ուղարկած էր Սի Ծինփինին՝ բարձր գնահատելով համավարակի դէմ պայքարի մէջ Չինաստանի արձանագրած յառաջընթացը։ Իր կարգին, Ծինփինն ալ պատասխան նամակ մը ուղարկելով շնորհակալութիւն յայտնած է Սարգսեանին։ Ան ընդգծած է Չինաստանի պատրաստակամութիւնը՝ համավարակի դէ   պայքարի ուղղութեամբ Հայաստանին աջակցելու համար։

Ծինփին ընդգծած է, որ Չինաստանն ու Հայաստանը բարեկամական գործընկերութիւն եւ համագործակցութիւն ունին։ Ան շեշտեց Փեքինի ընծայած առանձնայատուկ ուշադրութիւնը՝ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով։ «Պատրաստ եմ ձեզի հետ միասին համատեղ ջանքեր գործադրել մեր երկու երկիրներու առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ամրապնդման համար՝ համատեղ պաշտպանելով մեր երկիրներու ժողովուրդներու կեանքն ու առողջութիւնը», նշուած է Չինաստանի ղեկավարի նամակին մէջ։ Ծինփին յայտնած է նաեւ, որ չինական կողմը վճռականօրէն կը պաշտպանէ քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարի մէջ Հայաստանի ջանքերը ու պատրաստ է շարունակելու աջակցութիւնը։

Երեւանի եւ Փեքինի միջեւ փոխանակուած այս նամակներուն առընթեր, համավարակի առկայ մթնոլորտին մէջ երէկ Չինաստանէն Հայաստան հասան թոքերու օդափոխութեան 120 սարքեր, 60 հազար քննութեան սարքեր եւ առողջապահական այլ իրեր։ Ռուսաստանէն ալ Հայաստան ուղարկուեցան բանակի խումբ մը մասնագէտներ՝ շարժական տարրալուծարանով եւ քննութեան համակարգերով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2020