ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՀԱՍԱՒ 812-Ի

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետիին Քոճա տեղեկացուց, որ երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համավարակի զոհերու թիւը բարձրացած է 812-ի։ Երէկ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 24 հազար 900 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 4 հազար 117 նոր վարակեալ։ Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ վարակեալներու ընդհանուր թիւն է 38 հազար 226։ Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ խտացեալ խնամքի տակ առնուած կամ արհեստական շնչառութեան սարքաւորման ենթակայ հիւանդներու ընդհանուր թիւին մէջ կայ նուազման որոշ միտում մը։ «Մեր յաջողութիւնը կախեալ է մեկուսացումէն։ Քորոնաժահրը շփումներու միջավայրին մէջ կը ստանայ իր ուժը։ Այդ հնարաւորութիւնը չտանք անոր, մնանք տունը», ըսաւ նախարարը։

Միւս կողմէ, Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած տուեալներով, Իսթանպուլի մէջ համավարակի տեսակէտէ ամենէն բարձր գաւառակները կը հանդիսանան՝ Պաքըրգիւղ, Պաղճըլար եւ Պէշիկթաշ։ Պէյօղլուի եւ Շիշլիի շրջաններն ալ կը դաս-ւին նոյն ձեւով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2020