ԱՀԱԶԱՆԳԱՅԻՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ընթացքին շուրջ։ Թուրքիոյ առկայ համայնապատկերի լոյսին տակ ան ահազանգային զգուշացումներ ըրաւ՝ տեղեկացնելով, որ մինչեւ յունիս պիտի պատուաստուին երկրի 40 տարեկանէ վեր բոլոր քաղաքացիները։

Օրերէ ի վեր հրապարակուած պաշտօնական վիճակագրութիւնը կը ցոլացնէ, որ նոր դէպքերը անհամեմատօրէն կը բազմանան Թուրքիոյ մէջ, իսկ պատուաստումներու թափը նուազած է։ Դէպի ո՞ւր այս ընթացքը… Նախարար Քոճա այս հարցումին պատասխանելու ժամանակ առաջին փուլին շեշտեց, որ դժբախտաբար երկիրը համաճարակի դէմ պայքարի ճանապարհին որոշ թուլացում մը ունեցած է։ Քոճա եւս հաստատեց, որ նոր դէպքերը լրջօրէն կը բազմանան։ Մութասիոնի հարցը, անշուշտ, ժխտական ազդեցութիւն մը կը գործէ այս առումով, սակայն անկարելի է երեւոյթը միայն այդ խնդիրով հիմնաւորել։ Իր խօսքով՝ դժբախտաբար նախազգուշական միջոցները թուլացուեցան։ Նախարարը մանրամասնութիւններ տուաւ, թէ ինչպիսի ճանանպարհ մը պիտի որդեգրուի՝ նոր դէպքերու աճը կասեցնելու համար։ Ըստ իրեն՝ լուծումը պատուաստումի արագացումն է։ Ասոր զուգահեռ պէտք է նուազեցնել շարժումը։ Նախ պէտք է վերահաստատուին նախազգուշական միջոցները եւ աւելի վերջ պատուաստումներու վրայ յոյս պէտք է դնել։ Նախապատուութիւնը պատուաստումներուն տալով, առանց նախազգուշական միջոցներուն նկատմամբ կարգապահութիւն հաստատելու՝ կարելի չէ արդիւնքի մը հասնիլ։ Այդ երկուքը պէտք է համատեղել, ուրիշ ճար չկայ։

Ներկայ իրավիճակին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երկու հիմնական թիրախ ունի։ 40 տարեկանէ վեր քաղաքացիներու պատուաստումները աւարտել մինչեւ յունիս, իսկ 20 տարեկանէ վեր քաղաքացիներու պատուաստումներն ալ աւարտել մինչեւ յուլիս։ Նախարարութիւնը ներկայիս այս երկու թիրախին վրայ կեդրոնացուցած է բոլոր ջանքերն ու հնարաւորութիւնները։ Ֆահրետտին Քոճա համոզուած է, թէ կարելի պիտի ըլլայ արդիւնքի մը հասնիլ։

Ներկայ պայմաններով, նախարարի խօսքով, Թուրքիոյ մէջ համավարակի երրորդ գագաթնային փուլը կ՚ապրուի։ Սա նոր ալիք մը ըլլալէ անդին՝ արդէն գագաթնակէտ մըն է։ Իսկ Իսթանպուլի պարագային ներկայիս կը դիմագրաւուի արդէն չորրորդ գագաթնային փուլը։ Նախորդներուն բաղդատմամբ այս մէկը ունի տարբերութիւն մը։ Արդարեւ, անցեալի մէջ մութանտներու պարագաները խնդրոյ առարկայ չէր։ Իսկ հիմա մութանտները զարգացան եւ վարակումներն ալ աւելի աւելցան։ Նախարարը յիշեցուց, որ վարակումները մօտիկ շփումի հետեւանքով կը յառաջանան, ուստի շարուժմը պէտք է նուազեցուի եւ անմիջական շփումներն ալ պէտք է կանխուին։

Ֆահրետտին Քոճա բացատրութիւններ տուաւ նաեւ առողջապահութեան համակարգի ներկայ վիճակին շուրջ։ Այսպէս, հիւանդանոցներու ցանցը ներկայիս խնդիր մը չունի։ Այժմու ծանրաբեռնուածութիւնը պայմանաւորուած է անցեալ նոյեմբեր եւ դեկտեմբեր ամիսներու դէպքերով։ Ներկայիս ամէն ինչ վերահսկելի է։ Բայց եւ այնպէս, եթէ առկայ վիճակը երեք-չորս շաբաթ եւս շարունակուի, ապա անխուսափելիօրէն խնդիրներ պիտի ծագին եւ առողջապահական համակարգին մէջ խցանում պիտի յառաջանայ։

Այս բոլորի լոյսին տակ Ֆահրետտին Քոճա դիտել տուած է, որ իսլամական աշխարհի Ռամազանի ծոմապահութեան շրջանը պէտք է հնարաւորութեան մը վերածել։ Եթէ այս շրջանին շարժումները նուազին, ապա կարելի է ակնկալել գագաթնակէտէն դէպի վար ընթացք մը։ Ցայսօր պատահած նախորդ գագաթնակէտերէն վերջ ալ ապահովուած է այդ կասեցումը եւ այս անգամ ալ կարելի է ակնկալել նոյնը։ Յամենայնդէպս, այս պահուն կը շարունակէ հարցական մնալ, թէ այդ գագաթնակէտը մինչեւ ո՞ւր պիտի բարձրանայ։ Կանխատեսումներ ընելը դժուար է, ուստի նախազգուշական միջոցները պէտք է խստացուին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021