ՈՉ ԵՒՍ Է ՀՐԱՅՐ ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ

Հայկական սփիւռքի խորհրդանշական, տիրական ու հեղինակաւոր դէմքերէն Հրայր Յովնանեան մահացաւ 91 տարեկան հասակին։ Հայաշխարհի ծանրակշիռ դէմքերէն մին էր ան, որու կորուստը իսկապէս կը համարուի անփոխարինելի։ Ամերիկահայ ձեռներէց եւ ազգային բարերար Հրայր Յովնանեան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէն էր։ Յովնանեանները Իրաքէն գաղթելով հաստատուած էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր գործարար կեանքէ ներս արձանագրած էին մեծ յաջողութիւններ։ Հրայր Յովնանեան եւ իր եղբայրները անցեալ տասնամեակներուն հայ սփիւռքի մղիչ ուժերու շարքին մաս կազմած էին։ Իրենց բարերարութիւններով եւ նուիրատուութիւններով ստեղծուած էին մշտական արժէքներ։ Հրայր Յովնանեան խրախուսած էր նաեւ Ամերիկայի հայկական համագումարի գործունէութիւնը, որու միջոցաւ ապահովուած էր Միացեալ Նահանգներու կողմէ զանազան նպաստաւոր քայլեր Հայաստանի համար։

Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախկին նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ Հրայր Յովնանեանի մահուան կապակցութեամբ։ Հայաստանի անկախութեան տարիներու սկիզբին, այդ ժամանակուայ պետական կառավարման համակարգով՝ Գագիկ Յարութիւնեան վարած էր փոխ-նախագահի պաշտօն եւ կարեւոր աշխատանք տարած՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հիմնադրութեան շրջանին։ Ան նորոգ հանգուցեալ Հրայր Յովնանեանի հետ բարեկամութիւն հաստատած եւ համագործակցութիւն ստեղծած էր տակաւին այդ տարիներէն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Գագիկ Յարութիւնեանի կողմէ հրապարակուած մահախօսականը՝ ի յիշատակ Հրայր Յովնանեանի.

«Մեր ժողովուրդին պատուհասած մեծ ցաւերուն աւելցաւ եւս մէկը։ Կեանքէ հեռացաւ հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակ, ազգային նուիրեալ, իր կեանքն ու գործը հայութեան ներկային ու ապագային նուիրուած մեծ բարերար Հրայր Յովնանեանը։ Ես այն քիչերէն եմ, որոնք քաջածանօթ են 1990-էն մինչեւ իր մահկանացուն կնքելը Հրայր Յովնանեանի հայրենանուէր բոլոր գործերուն։ Անոնց մասին գուցէ նաեւ ապագային հատորներ գրուին։ Սակայն այսօր իսկ վստահաբար կրնանք արձանագրել, որ առանց Հրայր Յովնանեանի անձնուրաց մասնակցութեան՝ չէր կայանար «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, 90-ականներու Արցախի հերոսամարտին դժուար կրնար հասնիլ այն յաջողութիւններուն, որոնք պատմական իրողութիւն են, Հայաստան չէր ունենար անվտանգութեան այն երաշխիքները, որոնք ապահովուեցան նախորդ 25-30 տարիներու ընթացքին։ Ամերիկայի հայկական համագումարը չէր ունենար այն դերն ու դերակատարութիւնը, որ Հայաստանի եւ Արցախի շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ ծանրակշիռ եղաւ ու կը շարունակէ ըլլալ։ Չէին իրականացուեր այն տասնեակ ծրագրերը, որոնք կը վերաբերին Աղէտի գօտիին, Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին, Արցախի շէնացման, հայ սերունդի ապագային ու կենսական անհրաժեշտութեամբ այլ հիմնախնդիրներու լուծման։ Այս թուարկումները կարելի է երկար շարունակել։

«Պարզապէս ցանկութիւնս է, որ ժամանակակից սերունդը ճանչնայ իր առասպելներէն մին, որ կեանքն ու գործը իմաստաւորած է հայրենիքին ու ժողովուրդին անձնուրաց ծառայելով։ Սփիւռքահայերէն շատեր հայրենաշինութեան գործին իրենց մասնակցութեան յարգանքին արժանացած են։ Հրայր Յովնանեան նոյնիսկ անոնց շարքին առանձնայատուկ դերակատարութիւն ունէր։ Ան առաջին մեծահարուստ հայն էր, որ Հայաստանի մէջ իր տունն ու օճախը կառուցեց եւ բնակութիւն հաստատեց մայր հայրենիքի մէջ։ Վազգէն Սարգսեան յաճախ անոր կ՚ըսէր. «Հրայր, դուն մեզմէ աւելի հայ ես, ի՞նչ պիտի ընէինք, եթէ մեր կողքին չըլլայիր»։ Ան մայր հայրենքի կողքին եղաւ մինչեւ իր մահկանացուն կնքելը։

«Երթաս խաղաղութեամբ Մեծ հայ, անձնուրաց հայրենասէր, քու կեանքն ու գործը սրբագործուած յուշարձան կը դառնան հայ սերունդներու համար, իսկ ինձ համար իմ մեծ եղբօր կորուստը դառնացած հոգիիս մէջ դատարկութեան խոր վիհ բացաւ…»։

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021