ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ
Ուաշինկթընի աշխատանքային շփումները աւարտելէ վերջ, նոյնպէս աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա մեկնած Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովին։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Եւրոասիոյ գերագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին ընթացքին ան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին անհրաժեշտ համարեց Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան հետ համագործակցութեան աշխարհագրութեան ընդլայնումը։ «Անհրաժեշտ կը համարեմ ընդլայնել Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան համագործակցութեան աշխարհագրութիւնը հարաւային ուղղութեամբ՝ մասնաւորապէս, Իրանի հետ առաւել սերտ յարաբերութիւններու հաստատման միջոցաւ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան ելոյթի ընթացքին։
Գագաթաժողովի ընթացքին Սերժ Սարգսեան դիտել տուաւ, որ միջազգային եւ տարածքաշրջանային շարք մը անբարենպաստ գործօններու ազդեցութեան ներքեւ այս տնտեսական տարածքը կը բախի կարգ մը դժուարութիւններու, որոնց յաղթահարումը կախում ունի ընդհանուր որոշումներու մշակումէն եւ անոնց արդիւնաւէտ կեանքի կոչումէն։
«Մեր միութեան գործունէութեան առաջնային ուղղութիւններէն մին միասնական ելեկտրական ուժանիւթի շուկայի ստեղծումն է։ Մեր պետութիւնները կը տիրապետեն ուժանիւթի պաշարներու հսկայական ծաւալներու եւ ունին արտադրական ներուժ։ Անհրաժեշտ է օգտագործել այս համեմատական առաւելութիւնը՝ յիշեալ ոլորտէն ներս Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միջազգային մրցունակութեան բարձրացման համար։ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան ելեկտրական ուժանիւթի ընդհանուր շուկայի ձեւաւորման հայեցակարգի հետեւողական իրագործումը եւ այդ շուկայի ազատականացումը առանց ծառայութիւններու շուկայի ազատականացման, թոյլ չի տար լիարժէքօրէն օգտագործել համարկման միաւորման տնտեսական ամբողջ ներուժը։ Կը կարծեմ՝ տուեալ ոլորտը պէտք է ըլլայ մեր ուշադրութեան կիզակէտին», ըսաւ Սերժ Սարգսեան ժողովի ընթացքին։