«ԹՈՒՐՔԻԱ ՄՆԱՑ ԱՌԱՆՁԻՆ»

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա ա­ռան­ձին թո­ղուած է «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ պայ­քա­րին մէջ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, շա­բա­թա­վեր­ջին Իս­թան­պու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թի մը ըն­թաց­քին ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ Էր­տո­ղան անդ­րա­դար­ձաւ Սու­րիոյ ի­րադ­րու­թեան։ Ըստ ի­րեն, Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րե­լու յա­ւակ­նու­թեան տէր եր­կիր­նե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կը այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան Թուր­քիոյ հա­մա­չափ վնաս չէ հաս­ցու­ցած։ Նա­խա­գա­հը ընդգ­ծեց, որ մէկ կող­մէ կեն­դա­նի ռում­բե­րը, իսկ միւս կող­մէ Քի­լի­սի վրայ գոր­ծուած յար­ձա­կում­նե­րը ցաւ կը պատ­ճա­ռեն Թուր­քիոյ։ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րին շրջագ­ծով Թուր­քիա մնա­ցած է ա­ռան­ձին։ Ար­դա­րեւ, Ան­գա­րա­յի եւ Իս­թան­պու­լի մէջ պայ­թած ռում­բե­րուն դէմ ցու­ցա­բե­րուած հա­կազ­դե­ցու­թիւնն ու Փա­րի­զի եւ Պրիւք­սէ­լի մէջ պա­տա­հած դէպ­քե­րուն դէմ ցու­ցա­բե­րուած հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ կը նկա­տուին տար­բե­րու­թիւն­ներ։ Սա ա­նար­դա­րու­թեան շօ­շա­փե­լի դրսե­ւո­րում մըն է։

Էր­տո­ղան շեշ­տեց նաեւ, որ վեց տա­րիէ ի վեր Սու­րիոյ մէջ պա­տա­հած­նե­րուն փո­խա­րէն մարդ­կու­թիւ­նը կու տայ ան­յա­ջող քննու­թիւն մը։ Իր խօս­քե­րով, թրքա­կան կող­մը կը ձգտի Սու­րիոյ մէջ ստեղ­ծել անվ­տանգ գօ­տի մը ու վե­րաց­նել այն պատ­ճառ­նե­րը, ո­րոնք գաղ­թե­լու կը պար­տադ­րեն մար­դի­կը։ Հա­կա­ռակ Ան­գա­րա­յի այս ա­ռա­ջար­կին, ո­մանք խնդի­րը յա­մա­ռօ­րէն այլ ուղ­ղու­թիւն­ներ տե­ղա­փո­խել կը շա­րու­նա­կեն։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016