ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան Հայ դա­տի կեդ­րո­նա­կան խոր­հուր­դի եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին յանձ­նա­խում­բե­րու ու գրա­սե­նեակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը ներ­կա­յիս շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ։ Յա­կոբ Տէր-Խա­չա­տու­րեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բի ու­ղե­ւո­րու­թեան նպա­տակն է զօ­րակ­ցու­թեան այ­ցե­լու­թիւն մը տալ դէ­պի Ար­ցախ։ Ե­րե­ւա­նի մէջ խում­բը հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։ Ներ­կայ էին Դաշ­նակ­ցու­թեան գրա­սե­նեա­կի եւ Հա­յաս­տա­նի գե­րա­գոյն մարմ­նի ան­դամ­նե­րը։ Նալ­պան­տեա­նի կող­քին էին փոխ-նա­խա­րար­ներն ու նա­խա­րա­րու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան հան­գա­մա­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց Ար­ցա­խի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծուած լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րու յաղ­թա­հար­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րը։ Բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի հե­ռան­կար­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լով Նալ­պան­տեան ը­սաւ. «Այս պա­հուն հա­ւա­նա­կան հան­դի­պում­նե­րը կրնան ուղ­ղուած ըլ­լալ Ապ­րի­լի սկիզ­բին Ար­ցա­խի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի բռնու­թեան կրկնու­թեան բա­ցառ­ման, ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս 1994-1995 թուա­կան­նե­րու հրա­դա­դա­րի հաս­տատ­ման ու ամ­րապնդ­ման վե­րա­բե­րեալ ե­ռա­կող­մա­նի ան­ժամ­կէտ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու ան­վե­րա­պահ կա­տար­ման նպա­տա­կով հա­մա­պա­տաս­խան դրու­թիւն­նե­րու ստեղծ­ման, նե­րա­ռեալ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու հե­տաքն­նու­թիւ­նը։ Այդ քայ­լե­րը հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­ներ պի­տի ստեղ­ծեն բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար»։

Հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին երկ­կող­մա­նի եւ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ Ե­րե­ւա­նի կող­մէ որ­դեգ­րուած ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հրա­տապ խնդիր­նե­րուն, նե­րա­ռեալ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ի­րա­վի­ճակն ու Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016